Զաքարեան Իշխանապետութիւն

Զաքարեան իշխանապետութիւն, պետութիւն հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսային եւ արեւելեան հատուածին մէջ՝ վրացական թագաւորութեան (1008-1490) հովանաւորութեան եւ գերիշխանութեան տակ։ Զաքարեան տոհմի ներկայացուցիչները կառավարած են զայն[Ն 1]:

Զաքարեանները Հայաստանի մէջ իրենց իշխանութիւնը սկսած են այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ վերացած էր Անիի Բագրատունիներու թագաւորութիւնը (885-1045) եւ բոլոր ենթակայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները Տարօնի (800-966), Տայքի (809-1001), Վասպուրականի (908-1021), Վանանդի (963-1065), Տաշիր-Ձորագետի (978-1113), Սիւնիքի (987-1170) մէջ եւ այլուր։ Հայաստանի մէջ ստեղծուած էին բազմաթիւ ամիրայութիւններ, որոնց կը գլխաւորէին իսլամադաւան սելճուքները: Վերջիններուն արշաւանքը Հայաստան տեղի ունեցած է 11-րդ դարու կէսերուն։

Կաթողիկոսական աթոռը յայտնուած էր դեգերումներու մէջ եւ որոշ շրջան մը հանգրուանած՝ բուն հայկական լեռնաշխարհէն դուրս՝ Եփրատի ափին գտնուող Հռոմկլա ամրոցին մէջ։ Ան յետագային կը մտնէ նորաստեղծ հայկական պետութեան՝ Կիլիկիոյ թագաւորութեան կազմին մէջ։ Բուն Հայաստանի մէջ հայկական հողերը միաւորելու, հայ ազնուական ու հոգեւորական վերնախաւը վերամիաւորելու եւ ժողովուրդին խաղաղ զարգացումն ապահովելու համար, Զաքարեանները կը զինակցին հայկական ծագում ունեցող Բագրատունիներուն հետ։ Վերջիններս Վրաստանի մէջ հասած էին թագաւորական աստիճանի եւ կառավարած աւելի քան մէկ հազարամեակ (9-11-րդ դարեր): Անոնց կը յաջողուի ազատագրել Հայաստանի հիւսիսային, արեւելեան եւ կեդրոնական հատուածները։

Զաքարեաններու օրով վերջին անգամ հայ ժողովուրդը իր տարածքին մէջ կը յաջողի ստեղծագործական աշխատանքի անցնիլ։ Կը կառուցուին նորանոր վանքեր եւ եկեղեցիներ, ամրոցներ ու բերդեր, շունչ կը տրուին հայկական միջնադարեան քաղաքներուն։ Որպէս քաղաք՝ նոր զարգացում կ'ապրի Երեւանը: Անոնց թուլացմանն ու անկման զուգընթաց, հայ ժողովուրդը կը սկսի արտագաղթել հայրենիքէն, կ'առաջանան միջնադարեան գաղթավայրեր Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ։ Հայաստանի մէջ մէկը միւսին կը յաջորդէ մոնղոլ-թաթարներու, Քարաքոյունլու եւ Աքքոյունլու թուրքմէններու, օսմանեան թուրքերու եւ պարսիկներու տիրապետութիւնը։ Բնակութիւն կը հաստատեն բազմաթիւ քրտական ու թրքական ցեղեր։

Զաքարեաններու Ծագումը

Խմբագրել

11-րդ դարու առաջին կիսուն սելճուք-թուրքերու արշաւանքները դժուար դրութեան մէջ դրին փոքր եւ ռազմականապէս թոյլ հայկական թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները։ Հերթական արշաւանքէն ետք՝ 1065 թուականին, Կարսի (Վանանդի) թագաւոր Գագիկ Աբասեանը Բիւզանդիոյ յանձնեց իր տիրոյթները եւ կալուածքներ ստացաւ Փոքր Ասիոյ Կեսարիա քաղաքի շրջակայքը։ Միւս երկու թագաւորութիւնները՝ Սիւնիք (987-1170) եւ Տաշիր-Ձորագետը (978-1113) դիմացան սելճուքեան արհաւիրքներուն եւ գոյատեւեցին շրջան մը եւս։

11-րդ դարու վերջերը սկսաւ Սելճուքեան սուլթանութեան թուլացումն ու տրոհումը։ Գահակալական անվերջ կռիւներէն ու խռովութիւններէն մեծապէս կը տուժէին նուաճուած երկիրները։ Սելճուքեան պետութեան քայքայման պայմաններուն մէջ հայկական թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները հերոսական պայքարի շնորհիւ վերականգնեցին իրենց անկախութիւնը եւ ընդարձակեցին իրենց տիրոյթները։

Լոռիի Թագաւորութեան մէջ 12-րդ դարու սկիզբը կ'իշխէին Դաւիթ եւ Աբբաս եղբայրները, իսկ Սիւնիքի մէջ՝ Գրիգոր թագաւորը։ Հայկական իշխանութիւններէն Արծրունիներու տոհմին մէկ ճիւղը կը տիրէր Աղթամար կղզիին: Այդ իշխանութիւնը ետ կը մղէր թշնամիներու յարձակումները եւ իր տիրապետութեան տակ կը պահէր Աղթամարն ու շրջակայ գաւառները։ Սասունի Թոռնիկեաններու իշխանութիւնը միակն էր Հարաւային Հայաստանի մէջ, որ Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք պահպանեց իր անկախութիւնը։ Բացի Սասունէն Թոռնիկեանները կը տիրէին Արածանիի միջին հոսանքի մէջ գտնուող գաւառներուն։ Սասունի իշխանութիւնը 12-րդ դարուն իր շուրջը համախմբած էր շրջակայքի աւելի փոքր հայկական իշխանութիւնները եւ կը գլխաւորէր ազատագրական պայքարը։ Թոռնիկեան իշխանը, կամ ինչպէս արաբներ կ'անուանէին զինք «Սասունի թագաւորը» կարող էր պատերազմական դաշտ դուրս բերել քանի մը տասնեակ հազարանոց զօրք։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։  
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել


Մէջբերման սխալ՝ <ref> tags exist for a group named "Ն", but no corresponding <references group="Ն"/> tag was found