Թովմաս Չարշաֆճեան

հայ խմբագիր

Թովմաս Չարշաֆճեան (1872, Տիարպեքիր, Թուրքիա - 1 Յունուար 1954(1954-01-01), Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ խմբագիր։

Թովմաս Չարշաֆճեան
Ծնած է 1872
Ծննդավայր Տիգրանակերտ
Մահացած է 1 Յունուար 1954(1954-01-01)
Մահուան վայր Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ
Մասնագիտութիւն Խմբագիր
Աշխատավայր Հայրենիք
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1872-ին։ Յաճախած է տեղւոյն վարժարանը, Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, Րոպըրթս Քոլէճը առանց աւարտելու անցած է Լոնտոն հետեւելու բժշկութեան։ Նիւթական դժուար կացութեան պատճառով կը լքէ ուսումը։ 1895-ին կը Ամերիկա մեկնի, ուր մեծ թիւով գաղթած Արեւմտահայերու զանգուած մը կ՚ապրէր։

Ամերիկա հասնելէն ետք ան փնտռած է թերթ մը, որուն կարենար աշխատակցիլ[1]: Ամերիկայի հայ լրագրութեան հայրը եղած է Հայկակ Էկինեան, որ յաջորդաբար սկսած է հրատարակել զանազան թերթեր՝ «Արեգակ», «Սուրհանդակ», «Ազատութիւն»[2]: Էկինեանի թերթը եղած է նաեւ «Տիգրիս»ը[3], որուն կապուած է նաեւ Չարշաֆճեան։ Չարշաֆճեան եւ ուրիշներ շատ սուր կարիքը կը զգան «Հայրենիք»ի նման թերթի մը։

Չարշաֆճեան «Հայրենիք»ը խմբագրած է 1899 Մայիս 1-էն մինչեւ 1900-ի Մարտ 30-ը։

Վերջին 10-15 տարիներուն «Հայրենիք»ի առաջին խմբագիր Չարշաֆճեանը հիւանդ կեանք մը կ՛ապրի ու 1 Յունուար 1954-ին իր մահկանացուն կը կնքէ՝ Ֆրեզնոյի մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել