(1918-1922) Եղած է ծանօթ դէմք մը ՀՅԴ կազմակերպութեան կեանքին մէջ:

Ամերիկայի 21-րդ Պատգամաւորական Ժողովին ընտրուած ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն իր կազմակերպական լայն ծրագիրին գործադրութիւնը կը վստահի երեք գործիչներու, որոնցմէ մէկն էր Սահակ Չթչեանը, Ա. Լստիկեանի եւ Ա. Միքայէլեանի կողքին: Չթչեան յանձն առած էր քարոզչական աշխատանքներու մարզը:

23-րդ Պատգամաւորական Ժողովի որոշումով Չթչեան կը շարունակէ գործիչի պարտականութիւնները Շահան Նաթալիի կողքին[1]:

Չթչեան բացի իր գործիչային պատասխանատու պարտականութիւններէն, 1916-ին Կեդրոնական Կոմիտէի անդամի իր հանգամանքով, մղիչ ուժերէն մէկը հանդիսացած էր կազմակերպական աշխատանքներուն: Յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին այսպէս կոչուած Ազգային Միութեան Մարմինին ձախաւերութիւնները ձաղկած էր եւ զգուշացուցած Կեդրոնական Կոմիտէն հետագայ անակնկալներէն: Այս ուղղութեամբ գրած իր նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ.

Ազգային Միութիւնը փուլ է գալիս: Նրա դէմ ես սկսել Հնչակեաններից զատ նաեւ Ռամկավարները, Բարեգործականները եւ Բողոքականները: …Մեզանից եւ Վերակազմեալներից զատ ոչ ոք անկեղծ չէ դէպի Ազգային Միութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել