Գուրգէն Մխիթարեան
Գուրգէն Մխիթարեան (1890-1962), սփիւռքահայ գրաքննադատ, խմբագիր եւ հանրային գործիչ։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Շապին Գարահիսար, ուր ստացած է նախնական կրթութիւնը։ 1907-1908-ին ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք ծննդավայրին մէջ, Օսմանեան Սահմանադրութեան հոչակումէն ետք անցած է Պոլիս եւ հետեւած՝ Ագգ. Կեդրոնական վարժարանի դասընթացքներուն։
1912-ին աւարտած է Կեդրոնականը, ու մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ ուսուցչական պաշտօն վարած՝ Հայրիկեան վարժարանի մէջ։ Զօրակոչի ենթարկուած է իբրեւ սպայ թրքական բանակին մէջ։ Յաջողած է, փախստական, տարի մը պաշտօնավարել Սկիւտարի «Քարէ Դպրոց»ին մէջ իրրեւ տեսուչ եւ ուսուցիչ եւ քանի մը ամիս ալ Կեդրոնականի մէջ իրրեւ հսկիչ եւ դասախօս։ Հետքը գտնուելով, վերստին բանակ տարուած է։
Զինադադարին «ճակատամարտ»-ի խմբագիր եղած է ու, միաժամանակ, այցելու ուսուցիչ Հինդլեանի «Նոր Դպրոց»ին եւ Դպրոցասէր Տիկնանց Աղջկանց վարժարանին, ուր աւանդած է գրականութիւն, ազգային պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն։
1922-ի փոթորկայոյզ օրերուն անցած էԵգիպտոս, ուր ձեոնարկած է «Նոր Շարժում» գրական ամսագրի հրատարակութեան՝ 1923-ին։ Յետոյ «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եղած է մինչեւ 1947-ի վերջերը։ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին հրատարակած է «Յուսաբեր» ամսագիրը՝ համանուն օրաթերթի պատասխանատու խմրագրի իր պաշտօնին կից։ 1948-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ իբրեւ հանրային գործիչ, եւ 1952-1962ին «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագիր դարձած է։
1946-ին լոյս ընծայած է «Քառորդ դար գրականութիւն» ընդհանուր խորագրին տակ ամփոփուած վերլուծական իր էջերը՝ զանազան շրջաններէ գրական տիրական դէմքերու կեանքին ու գործերուն մասին։
Յանկարծամահ եղած է 1962-ին։ 1966-ին, իր այրիին նախաձեռնութեամբ, «Հայրենիք» հրատարակչականը համադրարար լոյս ընծայած է գրական, մշակութային, հանրային եւ ուղեւորական նկարագրով ցիրուցան էջերուն մէկ մասը, «Հերկ ու ցան» խորագրին տակ։
Հայերէնի թարգմանած է Զուտերմանի, Զոլայի եւ Կուպրինի կարգ մը գործեր[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։