Խոսրով Ներսէսեան

Գրագէտ եւ հրապարակագիր։

Խոսրով Ներսէսեան (1 Մայիս 1917(1917-05-01), Դիդիմոտիկա, Evros Regional Unit, Արեւելեան Մակետոնիա եւ Թրակիա, Յունաստանի՝ Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Ապակեդրոնացած վարչատարածք․, Յունաստան), գրագէտ եւ հրապարակագիր, գրական անունով՝ Գիսաւոր։

Խոսրով Ներսէսեան
Ծնած է 1 Մայիս 1917(1917-05-01) (106 տարեկան)
Ծննդավայր Դիդիմոտիկա, Evros Regional Unit, Արեւելեան Մակետոնիա եւ Թրակիա, Յունաստանի՝ Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Ապակեդրոնացած վարչատարածք․, Յունաստան


Ներսէսեան ծնած է Թրակիոյ մայրաքաղաք Ադրիանապոլսոյ Օրեսթիաս կոչուած արուարձանին մէջ: Հայրը՝ Ներսէս Ներսէսեան, եղած է բնիկ պարտիզակցի ու մեծցած Պոլիս: Մայրը՝ Վերգինէ, բնիկ պոլսեցի:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք, ընտանիքը կը հաստատուի Թրակիոյ Տիտիմօթիքա քաղաքը եւ Խոսրով կը սկսի յաճախել Արամեան Ազգային Վարժարանը: Յետագային Ֆրանսայի մէջ կը հետեւի տնտեսագիտութեան դասընթացքի:

Ուսանողութեան օրերէն աշխատակցած է հայերէն զանազան հրատարակութեանց: Շրջան մը Լիոնի մէջ եղած է հայերէն լեզուի ուսուցիչ:

Խոսրով Ներսէսեան ծառայած է հայ խմբագիրի մը յատուկ անսակարկ եւ ամբողջական նուիրումով: Իր խմբագրական աշխատանքներու ծիրին մէջ ազգային մտահոգութիւններէ թելադրուած, նիւթեր ընտրած էր դէմքեր ու դէպքեր, ու անոնց շուրջ հիւսած իր այնքան փնտռուած «Տոմսեր»ը:

Տարիներու ընթացքին Խոսրով Ներսէսեան գործած էր աւագ խմբագիրներ Ռ. Դարբինեանի, Գ. Մխիթարեանի, Ե. Խաթանասեանի, Մ. Օզանեանի եւ Մ. Թէօլէօլեանի հետ ու բերած իր մասնակցութիւնը[1]:

Մահացած է 1989-ին։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Խմբագիրներ»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2009-02-03։ արտագրուած է՝ 2022-02-14