Նշան Տեստէկիւլեան

Ուսուցիչ եւ յեղափոխական գործիչ:

Ծնած է Բալուի Հաւաւ գիւղը, 1889-ին: Յաճախած է Խարբերդի Մեզրէի Կեդրոնական Վարժարանը: Ատեն մը նոյն դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն կ'ընէ: Ապա կը վարէ Խույլուի Ներսէսեան վարժարանին տեսչութիւնը:

Տեստէկիւլեան 1910-ին կը հաստատուի Ամերիկայի Փրովիտընս շրջանին մէջ, ուր կը հետեւի տեղւոյն Պրաուն համալսարանի գրականութեան եւ ընկերային գիտութեան դասընթացքին:

1917-ին ուսումը կ'աւարտէ Մաքիստրոս Արուեստից աստիճանով:

Հազիւ համալսարանը աւարտած, ան արդէն «Հայրենիք»ի խմբագրութեան անդամ էր: Ատեն մը օգնականի, հետագային պատասխանատու խմբագիրի հանգամանքով:

Նշան Տեստէկիւլեան կը մահանայ Ուոթըրթաունի մէջ, 21 Դեկտեմբեր 1913-ին[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել