Գէորգ Տօնապետեան

Գէորգ Տօնապետեան, (1927, Հալէպ - 16 Նոյեմբեր 1996, Պոսթըն)։ Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն: Խմբագիր, հրապարակագիր, հանրային գործիչ, վարիչ-քարտուղար, «Armenian Weekly»ի վարիչ-տնօրէն, «Հայրենիք» օրաթերթի վարիչ-խմբագիր:

Գէորգ Տօնապետեան
Ծնած է 1927
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 16 Նոյեմբեր 1996
Քաղաքացիութիւն Ամերիկա
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն հանրային գործիչ, խմբագիր
Մասնագիտութիւն կրթական PhD
Աշխատավայր Ճեմարանի տնօրէն, վարիչ-քարտուղար ՀՅԴ ԿԵդրոնական Կոմիտէին, «Armenian Weekly»ի վարիչ-տնօրէն, «Հայրենիք» օրաթերթի վարիչ-խմբագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գէորգ Տօնապետեան նախնական կրթութենէն ետք կը մեկնի Պէյրութ, ուր կը մնայ մինչեւ 1943։ Պատերազմական վիճակի պատճառով կը փակուի Համազգայինի Ճեմարանի գիշերօթիկը. այս պատճառով Տօնապետեան կը վերադառնայ Հալէպ, ուր կը յաճախէ Ամերիկեան Քոլէճը։ Լոնտոնի կրթական հաստատութիւններուն հետ թղթակցութեամբ Գ. Տօնապետեան ուսումը կը կատարելագորէ եւ կը հասնի PhD-ի։

1961-1967 ժամանակամիջոցին Տօնապետեան կը վարէ Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը։

1967-ին կը փոխադրուի Քանատա, ապա 1968-ին պաշտօնի կը կոչուի Պոսթըն, նախ որպէս վարիչ-քարտուղար ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ ԿԵդրոնական Կոմիտէին, ապա՝ 1976-ին, կը նշանակուի «Armenian Weekly»ի վարիչ տնօրէն։

1979 Ապրիլին կը նշանակուի «Հայրենիք» օրաթերթի վարիչ խմբագիր եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ Սեպտեմբեր 1990, երբ առողջական պատճառներով կը ձգէ այդ պաշտօնը եւ կը դառնայ պատուակալ խմբագիր։ Պայմաններու բերումով, 1994-ին կրկին կը ստանձնէ թերթի խմբագրութիւնը։

Գէորգ Տօնապետեան կը մահանայ 16 Նոյեմբեր 1996-ին, Պոսթըն։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Գ. Տօնապետեան հեղինակ է «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ» երկհատորին:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել