Վահագն Գարագաշեան

Լիբանանահայ բանաստեղծ եւ խմբագիր:

Վահագն Գարագաշեան (, Այնճար), լիբանանահայ բանաստեղծ եւ խմբագիր։

Վահագն Գարագաշեան
Ծննդավայր Այնճար
Մասնագիտութիւն քաղաքագէտ, հայագէտ, հնաբան

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ[1]։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան  վարժարանին մէջ, ապա Պէյրութի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանին մէջ։

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութեանց եւ հայագիտութեան ճիւղերուն։ Այս ժամանակահատուածին իբր փոխ-տնօրէն պաշտօնավարած է Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս։

1991-ին հաստատուած է Աւստրալիա եւ ուսումը շարունակած պեղումնագիտութեան մարզէն ներս։ Սիտնիի մէջ տարի մը վարած է «Հորիզոն» ռատիօժամի տնօրէնի պաշտօնը։

1995-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր 1995-1996 տարիներուն Պոսթոնի մէջ վարած է «Հայրենիք»ի օգնական խմբագրի պաշտօնը, իսկ 1996-1999-ին՝ խմբագրի պաշտօնը։

1999-ի Հոկտեմբերին ստանձնած է ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագրի պաշտօնը։

Իր քաղաքական եւ հասարակական յօդուածները լոյս տեսած են «Ասպարէզ»ի, «Կամք»ի, «Ազատ Օր»ի, «Ազդակ»ի, «Երկիր»ի, «Armenian Weekly»ի, «Հորիզոն»ի[2] եւ այլ թերթերու մէջ։

Գրական գետնի վրայ իր բանաստեղծութիւնները[1] լոյս տեսած են «Նոր Գրականութիւն» խմբակի «Հերեան» եւ «Սէր» հրատարակութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի «Գարուն» գրական ամսագրին մէջ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «Իբրեւ Մարդ… Հայը` Վահագն Գարագաշեան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-08-25։ արտագրուած է՝ 2022-02-17 
  2. User Super։ ««Քաղաքական մտքի տհասութիւն ունեն այս իշխանութիւնները»․ Վահագն Գարագաշեան - «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ»։ alikonline.ir (hy-am)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-17-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-17 
  3. «Խմբագիրներ»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2009-02-03։ արտագրուած է՝ 2022-02-17