Վաչէ Բրուտեան
Վաչէ Բրուտեան (ծնած է Հալէպ, 1953-ին)։ Հրապարակագիր, խմբագիր: Ան մաս կազմած է ՀՅԴ Մամլոյ Դիւանին
Վաչէ Բրուտեան | |
---|---|
Ծնած է | 1953-ին |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | հանրային գործիչ, խմբագիր, Հրապարակագիր |
Մասնագիտութիւն | Պէյրութի «Հայկազեան» Քոլէճ՝ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս հայագիտութեան, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան՝ (AUB) Միջին Արեւելեան քաղաքական գիտութեանց ճիւղ՝ Մագիստրոս ծրագիր: |
Աշխատավայր | հայերէն լեզու եւ պատմութիւն ուսուցիչ, «Վանայ Ձայ» ռատիոկայանի տնօրէնութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՎաչէ Բրուտեան նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Սահակեան եւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարաններէն ներս: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պէյրութի «Հայկազեան» Քոլէճէն, ստանալով Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը հայագիտութեան մէջ։ Անկէ ետք մտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB) Միջին Արեւելեան քաղաքական գիտութեանց ճիւղէն ներս Մագիստրոս ծրագրին համար:
Քանի մը տարի հայերէն լեզու եւ պատմութիւն դասաւանդած է Պէյրութի վարժարաններէն ներս:
1977-ին մաս կազմած է ՀՅԴ Մամլոյ Դիւանին, որ իրեն եւ միւս սերնդակիցներուն համար քաղաքական հրապարակագրութեան իսկական համալսարան մը եղած է: Հոն գործած է մինչեւ 1985, երբ հաստատութիւնը Աթէնք փոխադրուեցաւ
Խմբագրութիւն, Մամուլի աշխատակից
ԽմբագրելՀրապարակագրական մարզէն ներս, Վաչէ Բրուտեան սկսած է աշխատակցիլ «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսնող «Երիտասարդական Էջ»ին, հետագային դառնալով նոյնինքն «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսնող «Զաւարեանական Էջ»ի խմբագիրներէն մէկը 1978-1980 տարիներուն:
1989-ի Յունուարին եղած է «Հայրենիք»ի օգնական խմբագիր: 1990-ի Յուլիս-Օգոստոսին ստանձնեց թերթին պատասխանատուութիւնը իբրեւ խմբագիր: Այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 1993-ի Դեկտեմբեր:
1994-ին փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս, ուր Յունուար 1, 1995-էն սկսեալ ստանձնեց «Ասպարէզ» օրաթերթի փոխ-խմբագրի, ապա 2001էն սկսեալ խմբագրի պաշտօնը:
Ռատիոկայանի տնօրէնութիւն
ԽմբագրելԱպրիլ 1986-ին կը ստանձնէ «Վանայ Ձայ» ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը: