Ճորճ Թոտորովիչ
Ճորճ Թոտորովիչ Սերպիոյ Մէջ հայկական ծագումով Առաջին Երեսփոխանը:[1]
Ճորճ Թոտորովիչ GEORGE TODOROVIC | |
---|---|
Քաղաքացիութիւն | Սերպ |
Գործունէութիւն | Հայաստանի եւ Արցախի հետ Սերպիոյ յարաբերութիւններու զարգացման |
Աշխատավայր | Սերպիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժին |
Վարած պաշտօններ | Սերպիոյ Մէջ Երեսփոխան |
Ծնողներ | Կամիլա Մուրադեան |
Ճորճ Թոտորովիչին հայրը սերպ է, մայրը՝ հայուհի, Կամիլա Մուրատեան, որ 1990ին ամուսնանալով՝ Երեւանէն Պելկրատ փոխադրուած է: Ան իր երեք զաւակներուն ալ տուած է հայեցի դաստիարակութիւն: Ճորճ Թոտորովիչը կը տիրապետէ հայերէնին:
Ան արդէն կ՛աշխատի Սերպիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինին մէջ եւ ամէն կերպով կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Արցախի հետ Սերպիոյ յարաբերութիւններու զարգացման:[2] Ան երբեք չէ թաքցուցած իր հայկական ծագումը եւ խորհրդարանին մէջ յաճախ շեշտած է, որ ինք հայ է:
«Սերպիոյ յառաջդիմական կուսակացութեան» Երեսփոխան
ԽմբագրելԵւրոպայի տարածքին խորհրդարանական առաջին ընտրութիւններ տեղի ունեցան Սերպիոյ մէջ: Կիրակի, 21 Յունիսի այդ ընտրութիւններուն իշխանող «Սերպիոյ յառաջդիմական կուսակացութեան» (SNS) ընտրացանկէն երեսփոխան ընտրուեցաւ հայկական ծագումով 29ամեայ Ճորճ Թոտորովիչ:
Յառաջդիմականները տիրացան Սերպիոյ խորհրդարանի ընդհանուր 250 աթոռներէն 189ին:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Սերպիոյ Մէջ Հայկական Ծագումով Առաջին Երեսփոխանը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-02-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-01
- ↑ ARMENIAN GEORGE TODOROVIC ELECTED TO THE PARLIAMENT OF SERBIA.
Աղբիւրներ
Խմբագրել- ARMENIAN GEORGE TODOROVIC ELECTED TO THE PARLIAMENT OF SERBIA.
- Ճորճ Թոտորովիչ՝ Սերպիոյ Մէջ Հայկական Ծագումով Առաջին Երեսփոխանը Archived 2020-07-04 at the Wayback Machine.