Մակարայ Վանք (Կիպրոս)

Կիպրոսի Ս. Մակարայ Վանքը՝ պատմութեան մէջ Կիպրոսի հայոց կրօնական եւ մշակութային կարեւորագոյն կեդրոնը հիմնուած` Ժ․ դարուն։ Վանքը ծանօթ է նաեւ «Արմենոմոնաստիրօ» անունով, որ կը նշանակէ հայկական վանք։ Վանքը կառուցուած է Հալեվկա նահանգին ծայրամասը, Փենտաքթիլոս լեռներուն լանջին՝ պատմական Կիլիկիոյ դիմաց[1]։ Ս. Մակար 1974-էն ի վեր կը գտնուի թրքական տիրապետութեան տակ[2]. անիկա իր ճակատագիրով կը յիշեցնէ Արեւմտահայաստանի վանքերն ու եկեղեցիները, որոնք Հայկական ցեղասպանութեան ատեն եւ անկէ ետք ալ կ'ենթարկուին աւերումի եւ կողոպուտի։

Մակարայ վանքին արեւելեան կիսաւեր հատուածը

Սկզբնական շրջան եւ սեփականութիւն

Խմբագրել

Սկզբնական շրջանին, վանքը ճգնարան մը եղած է։ Կ'ենթադրուի, որ ճգնաւորները շատ խիստ պայմաններու տակ կ'ապրէին հոն. վանքին մատրան մօտ մինչեւ այսօր կը հանդիպինք քարայրանման խուցերու, որոնք ծառայած են իբրեւ ճգնաւորներու կացարաններ։ Օսմաներէն հին արձանագրութիւններու համաձայն, Մակարայ վանքը հայերուն սեփականութիւնը դարձած է ԺԵ. դարուն։ Մինչեւ այսօր կը պահուին 1642-ին եւ 1701-ին Օսմանեան կառավարութեան կողմէն տրուած կալուածագիրերը, որոնք կը հաստատեն, թէ վանքը հայերուն սեփականութիւնն է։ Այդ փաստաթուղթերուն համաձայն, վանքը ազատած է տուրքերէ, իբրեւ եկեղեցապատկան կալուած։ 1945-ին, անգլիական գաղութարար կառավարութիւնը Կիպրոսի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանի անունով լոյս կ'ընծայէ պաշտօնական նոր կալուածագիրեր։ Այդ նոր փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ 80 հողաշերտեր մաս կը կազմեն վանքին կալուածին։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Ս. Մակարայ վանքին կալուածները շուրջ 9000 տէօնիւմ (արտաչափ) տարածութիւն մը կը կազմեն։ Այս տարածութիւնը կը սկսի Պենտատաքթիլոսի լեռնաշղթային գագաթէն եւ կ'երկարի մինչեւ կղզիին հիւսիսային ծովեզերքը։ Լերան գագաթին կը գտնուի «Կիլիկեան Դիտարան» կոչուող վայրը։ Այդ անունը տրուած է Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Արշալոյսին, հոնկէ ալեհեր Հայրապետը կը դիտէր ծովուն դիմաց գտնուող Տաւրոսեան լեռները՝ Կիլիկեան իր հայրենիքը։ Վանքապատկան կալուածներուն մէջ կային շուրջ 30,000 ձիթենիներ եւ այլ պտղատու ծառեր։ Վանքին կալուածներուն սահմաններէն ներս կը գտնուէին Հալեֆկա, Խարչա եւ Ատալիա գիւղերը։ Ատալիոյ բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը հայերէ բաղկացած էր, որոնք կը կոչուէին «վանաբնակ հայեր»։ Ատալիա գիւղին մէջ ծնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոսը։ Ատալիա գիւղին մօտիկ կը գտնուին նաեւ «Այ Եորկի»ի, այսինքն Ս. Գէորգի աւերակները։

Վերանորոգումներ

Խմբագրել

Մակարայ Վանքը արմատական նորոգութիւններու ենթարկուած է 1735-ին, 1814-ին եւ 1947-49-ին։ Վանքին ներկայ մատուռը կառուցուած է 1814-ին։ Հին, համեմատաբար շատ աւելի փոքր մատուռը եւս պահպանուած է։ 1929-ին նորոգուած կամ կառուցուած են ուխտաւորներուն սենեակները, մառանը, մատրան նախագաւիթը եւ զանգակատունը։ 1948-ին վանքը օժտուած է նաեւ ջրաբաշխումի եւ լուսաւորութեան սարքաւորումներով։

Թրքական գրաւում եւ վնասներ

Խմբագրել

1974-ին, թրքական բանակը կը ներխուժէ Կիպրոս եւ կը գրաւէ կղզիին հիւսիսային մասը։ Թուրքերուն տիրապետութեան տակ կ'իյնայ նաեւ Ս. Մակարայ վանքը։ Թրքական ներխուժումին պատճառով վանքը կը լքուի եւ կը դառնայ անմատչելի իր օրինական սեփականատէրերուն համար։ Ներխուժումին ընթացքին վանքը կողոպուտի եւ աւերումի կ'ենթարկուի, որ կը շարունակուի յաջորդ տարիներուն ալ։ Մինչ այդ, Մակարայ վանքը կը գտնուէր ներկայանալի վիճակի մէջ։ Սենեակները կահաւորուած էին եւ կը հիւրընկալէին ուխտաւորներ, իսկ ամառնային շրջանին վանքը կը ծառայէր իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն եւ այլ եկեղեցականներու ամարանոց։ Վանքին մշակուած կալուածները Հայ Առաքելական Առաջնորդարանին կ'ապահովէին տարեկան 8,000 կիպրական ոսկի հասոյթ։

Գործառոյթներ

Խմբագրել

Ամառնային շրջանին վանքին մօտակայ բանակավայրերուն մէջ կը մնային Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան աշակերտները եւ հայ սկաուտներ։ Շաբաթավերջերուն եւ տօնական օրերուն վանքը լեցուն կ'ըլլար ուխտաւորներով։ Մասնաւորաբար վանքին յատուկ տօներուն` Ս. Մակարի տօնին, Դեկտեմբերին, վանք կ'այցելէին հայկական վարժարաններուն աշակերտները։

Ուխտի օր

Խմբագրել

Վանքին «Ուխտի Օր»ը տեղի կ'ունենար Մայիսի առաջին Կիրակին, երբ վանք կ'այցելէին մեծ թիւով կիպրահայեր եւ կը պատրաստուէր վանքին աւանդական հերիսան։ Կիպրահայութեան համար Մակարայ վանքը կը նկատուէր նաեւ հնագիտական կոթող։ Անիկա ամէն տարի կ'ընդունէր մեծ թիւով տեղացի թէ օտար ուխտաւորներ կամ զբօսաշրջիկներ։

Գանձեր

Խմբագրել

Ս. Մակարայ վանքը եղած է հոգեմտաւոր մշակոյթի կեդրոն` հարուստ ձեռագիրներով, մանրանկարներով ու սրբապատկերներով:

Մակարայ վանքին մէջ կը պահուէին պատմական, ազգային եւ եկեղեցական արժէք ներկայացնող մեծ թիւով ձեռագիրներ։ Անոնցմէ ամենահինը գրուած է 1202-ին։ Ամէնէն արժէքաւորները կը հանդիսանային մանրանկարներով զարդարուած 1293-ի Աւետարանը եւ 1678-ի Շարակնոցը։ 56 ձեռագիրներ փրկուած են թրքական ներխուժումէն, որովհետեւ օրին փոխադրուած էին Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան։ Այդ ձեռագիրները պահուած են կաթողիկոսարանին «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ։

Վերջին իրադարձութիւններ

Խմբագրել

1999-ին տեղեկութիւններ կը հաղորդուին, թէ հիւսիսային Կիպրոսի անօրինական վարչակարգը կը նպատակադրէ վանքը վերածել պանդոկի։ Կիպրահայութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Կիպրոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները միասնաբար կը դիմեն միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կը յաջողին առժամապէս ձախողեցնել այդ ծրագիրը։ 2007-ին, Ազգային Առաջնորդարանին եւ Կիպրահայ համայնքին պետական ներկայացուցիչին կազմակերպութեամբ եւ Միացեալ Ազգերու Խաղաղապահ ուժերուն հսկողութեան տակ, կիպրահայեր առիթը կ'ունենան «Ուխտի Օր»ուան առիթով ուխտագնացութիւն մը կատարելու իրենց վանքը։ Թէեւ թրքական վարչակարգը արգիլած էր որեւէ եկեղեցական արարողութեան կատարումը, բայց եւ այնպէս, Կիպրոսի Կաթողիկոսական փոխանորդին եւ քահանաներուն գլխաւորութեամբ, Ս. Մակարայ մատրան մէջ համախմբուած կիպրահայերը կ'երգեն Տէրունական Աղօթքը։ 2008-ի եւ 2019-ի Ամրան, Արամ Ա. Կաթողիկոս կ'այցելէ Մակարայ վանք[3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել