Մամուլ (հանդէս)
«Մամուլ», հասարակական-քաղաքական հանդէս։ Լոյս տեսած է 1869-1882-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Տնօրէն-խմբագիր՝ Գէորգ Այվազեան։
Ուշադրութեան կեդրոնը եղած են Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան ծանր վիճակը եւ հարստայարութիւնները։
1878 -ին հետեւած է Պերլինի վեհաժողովի աշխատանքին ու երգիծական բնոյթի հրապարակումներուն մէջ քննադատած է մեծ տէրութիւններու կեցուածքը հայերու կենսահարցերուն հանդէպ։ Հիսաթափուելով համաժողովէն՝ «Մամուլ»-ը քննադատած է դիւանագիտութեան միջոցով ինքնավարութեան հասնելու կոչեր ընող հայ գործիչներուն (Ներսէս Վարժապետեան, Մինաս Չերազ եւ ուրիշներ)[1][2]։
Հանդէս եկած է չափաւոր պահանջներու, խոհեմութիւն հանդէս բերելու օգտին՝ Օսմանեան կառավարութիւնը չգրգռելու համար։ 19-րդ դարու 70-ական վերջը Օսմանեան կայսրութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու վիճակի վատթարացումը եւ հայերու հալածանքի ուժեղացումը «Մամուլ» որոշակի չափով համարած է օսմանեան կառավարութեան հակադրուելու՝ ոչ հիմնաւոր ազգային քաղաքականութեան հետեւանք։ 18 Դեկտեմբեր 1882 -ին «Մամուլ»-ը տպագրած է Մ. Զգոնեանի «Ուղերձ» բանաստեղծութիւնը, որու մարտաշունչ-հայրենասիրական տողերը թրքական իշխանութիւնները դիտած են իբրեւ ապստամբութեան կոչ եւ Կարինի «Պաշտպան հայրենեաց» կազմակերպութեան հետ «Մամուլ»-ի ունեցած կապի վկայութիւն։ Հանդէսը փակուած է, իսկ խմբագիրը աքսորուած (ազատուած է 1886-ին)։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՄԱՄՈՒԼ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-12
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |