Ներսէս Վարժապետեան

Ներսէս Վարժապետեան (աւազանի անունը՝ Պօղոս Ստեփանի ՎարԺապետեան, 28 Յունուար 1837, Կոստանդնուպոլիս, —26 Հոկտեմբեր[1] 1884, Կոստանդնուպոլիս), եկեղեցական, հասարակական, քաղաքական գործիչ, Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք (1874-էն)։

Ներսէս Վարժապետեան
Ծնած է 28 Յունուար, 1837
Ծննդավայր
Մահացած է 26 Հոկտեմբեր, 1884
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Կաղապար:Country data ՀՀ Հայ
Կրօնք Կաղապար:Դրօշաւորում/Հայ առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն պատրիարք, հասարակական գործիչ
Աշխատավայր

Եկեղեկացական, քաղաքական,
հասարակական գործիչ

Պոլսոյ հայոց պատրիարք
Վարած պաշտօններ Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարք?

Ուսումը ստացած է Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ։ 1853-էն զբաղած է ուսուցչութեամբ Ատրիանուպոլսոյ, Տարսոնի եւ Նիկոմիդիոյ մէջ։

1862-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ Օգտուելով 1877-78 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք Հայկական հարցի արծարծման համար ստեղծուած նպաստաւոր պայմաններէն Վարժապետեան Թուրքիոյ մէջ 9 եպիսկոպոսներու անունով խնդրագիր կը ներկայացնէ կայսր Ալեքսանտր II-ին՝ Ռուսաստանէն հայցելով արեւմտահայերու պաշտպանութիւնը (եւրոպական քրիստոնեաներու օրինակով)։

Վարժապետեան մեծ եռանդ ներդրած է 1878 թուականի Սան Ստեֆանոյի պայմանագրին մէջ արւեւմտահայերու մասին յատուկ (16-րդ) յօդուած մտցնելու եւ հայկական հարցը Պեռլինի քոնկրեսին մէջ (1878) քննելու գործին մէջ, որու համար ալ վեհաժողով ուղարկած է հայկական ազգային պատուիրակութիւն՝ Մկրտիչ Խրիմեանի գլխաւորութեամբ։

Վարած է շրջահայեաց քաղաքականութիւն Բարձրագոյն դրան, Ռուսաստանի եւ Մեծ Բրիտանիոյ միջեւ անոնց բարեացակամ վերաբերմունքը հայկական հարցին մէջ շահելու ակնկալիքով։

31 Մայիս 1879 թուականին դիմած է եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներուն՝ նշելով Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ ընելու անհրաժեշտութիւնը՝ Պեռլինի դաշնագրի 61-րդ յօդուածը գործադրելու համար, սակայն՝ ապարդիւն։ Անպատասխան մնացած են նաեւ Բարձրագոյն դրան ներկայացուած բազմաթիւ յուշագրերը։ 1884-ին ընտրուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս, սակայն առողջական ծանր վիճակին պատճառով հրաժարած է հոգեւոր առաջնորդի տիտղոսէն։

Հայաստանի ազատագրութեան ուղին՝ Վարժապետեան համարած է հայութեան ազգահաւաքումը, խաղաղ շինարարութիւնն ու դիւանագիտական միջոցները։

Հրատարակուած աշխատութիւններ Խմբագրել

  • «Քրիստոսի սուրբ եկեղեցին եւ անոր հակառակորդները» (1864)[2]
  • «Ուսումը համաբարբառ Աւետարանի Տեառն մերոյ» (1875)

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Օրմանեան Մաղաքիա արք., «Ազգապատում», մաս 3, Երուսաղէմ, 1927:
  • Կիրակոսեան Ջ. Ս., «Բուրժուական դիւանագիտութիւնը եւ Հայաստանը» (XIX դ. 70-ական թթ.), Երեւան, 1978։
  • Կիրակոսեան Ջ. Ս., «Բուրժուական դիւանագիտութիւնը եւ Հայաստանը» (XIX դ. 80-ական թթ.), Երեւան, 1980։
  • Սիրունի Յ., «Պոլիս եւ իր դերը», հատոր Գ.-Դ., Անթիլիաս, 1987-88։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։