Մամպօ, Քուպայի լատին-ամերիկեան պար։

Մամպօ պար

Յառաջացած է 1940-ական թուականներուն, երբ նոյն անունը կրող երաժշտական սեռը հանրածանօթ դարձած էր ամբողջ Լատին-Ամերիկայի մէջ։

Իւրօրինակ պարահանդէսային պարը յառաջացած է Քուպայի եւ Մեքսիքոյի մէջ։

Հետագային սալսայի եւ անոր աւելի բարդ պարատեսակին յառաջացումով՝ Մամպօ պարի նոր տեսակը, ներառեալ կտրուկ քայլերը, հանրածանօթ կը դառնան Նիւ Եորքի մէջ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մամպոյի ծագում

Խմբագրել

1940-ականներու կէսերուն, խումբի ղեկավար Տամասօ Փերես Փռատօն կը մշակէ պար մը, երաժշտական նոր ձեւաչափով՝ ծանօթ իբրեւ «Մամպօ», անոր անունը փոխ առնելով 1983-ին «Առքանոն եւ անոր հրաշքները» խումբին կողմէ ստեղծուած «Մամպօ» երգէն, խումբ, որ կը ստեղծէ պարի նոր ձեւ մը՝ ծանօթ իբրեւ «Տանսօն-Մամպօ»։

Փերես Փռատօ իր երաժշտութիւնը Հաւանայէն կը տեղափոխէ Մեքսիքօ, ուր իր պարն ու երաժշտութիւնը մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն։

Իսկական Մամպօ պարը կը բնութագրուի ազատութեամբ եւ բարդ ոտնաքայլերով։

Կարգ մը Մեքսիքացի հանդիսավարներ կը դառնան հանրածանօթ պարողներ, որոնք հետագային կը յայտնուին Մեքսիքական ֆիլմերու մէջ։

Քուպայի պարողները Մամպօն կը նկարագրեն իբրեւ «երաժշտութեան զգացում», որուն մէջ ձայնն ու շարժումը կը միաձուլուին մարմինի միջոցով[1][1]։

Պարի Ազգայնացում

Խմբագրել

Նիւ Եորքի ժամանակակից Մամպօ պարը ժողովրդականութիւն կը շահի 1960-ականներու վերջին, 1970-ականներու սկիզբին, Նիւ Եորքի Պրոնքս շրջանէն Ճորճ Վասքոնեսի կողմէն, որ պարային խումբի նախագահն էր։ Ան Մամպօ պարային աւանդոյթը կը շարունակէ, որ սկսած էր երկու տասնամեակ առաջ, «Արուեստի ոսկեայ դարաշրջանին»։ Անոր կը հետեւին 1980-ականներուն Էտի Տորեսը, Անժելա Ռոտրիկեսը, Մամպօ պարային ընկերութենէն Ռազ էմ Տազը եւ ուրիշներ։

Էտի Տորես եւ Ռազ էմ Տազ դպրոցներէն իւրաքանչիւրը ունի տարբեր հիմնաքայլեր, նոյնիսկ եթէ անոնք կը կիսեն նոյն հիմնական առանձնայատկութիւնը։ Էտի Տորես իր տարբերակը կը նկարագրէ իբրեւ «փողոցային» ոճ. ան կը զարգացնէ զայն ինչ որ տեսած էր Պրոնքսի փողոցներուն մէջ։ Ռազ Էմ Տազի տարբերակը աւելի մօտ է արուեստի ոսկեդարեան Մամպոյին, ու հիմնական քայլերը իր հերթին առնուած է Քուպայական ժողովրդական ոճէն, որուն հետ զայն կը կիսէ իր ժամանակաշրջանը, երկու ոճերն ալ առնուած են Ամերիկեան Մամպոյէն ազատ ոճի քայլերով՝ հիմնուած ճազի եւ թեթեւ քայլի վրայ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Garcia D. F. (2006 թ․ դեկտեմբերի 1)։ «Going Primitive to the Movements and Sounds of Mambo»։ The Musical Quarterly 89 (4): 505–523։ doi:10.1093/musqtl/gdm006 
  2. Hutchinson Sydney (Fall 2004)։ «Mambo on 2: The birth of a new form of dance in New York City»։ Centro Journal XVI (2): 108–137։ ISSN 1538-6279։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 11-ին 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել