Մայիս Թ․Աւդալբեգեան
Մայիս Թ. Աւդալբեգեան, (1918-1983), բնագրագէտ եւ գրականագէտ։
Մայիս Թ.Աւդալբեգեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1918 |
Մայիս Թադեւոսի Աւդաբեգեան ծնած է Իգդիր (Երեւանի նահանգ), 5 Ապրիլ 1918-ին: Դուստրը ականաւոր գիտնական-հայագէտ Թադեւոս Աւդալբեգեանի։ Ան իր նախակրթութիւնն ու միջնակարգ ուսումը աւարտելէ ետք մուտք կը գործէ Երեւանի Պետական Համալսարան, որուն Լեզուագիտական Բաժանմունքի ընթացքը կ'աւարտէ 1940-ին: Ապա՝ ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Փարպի գիւղ, որուն միջնակարգ դպրոցին մէջ հայերէն լեզու եւ հայ գրականութիւն կը դասաւանդէ: 1942-ին կը վերադառնայ համալսարան՝ իբրեւ ասպիրանդականի ուսանող, ու մեծանուն հայագէտ Մանուկ Աբեղեանի ղեկավարութեամբ կը մասնագիտանայ հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան: 1944-1947-ներուն կը պաշտօնավարէ Գրականութեան Հիմնարկէն ներս :1946-ին կը պաշտպանէ «Խաչատուր Կեչառեցի» խորագրով աւարտաճառը, ապա կը ստանայ Բանասիրական Գիտութիւններու թեկնածու աստիճանը: 1947-1953-ներուն՝ Լենինականի Մ. Նալբանդեանի անուան Մանկավարժարան կը դասաւանդէ հայ հին գրականութեան պատմութիւն: 1953թ. ին կը վերադառնայ Երեւան ու կրկին պաշտօնի կը կոչուի Մ.Աբեղեանի անուան Գրականութեան Հիմնարկէն ներս: 1972-ին, «Հայ Գեղարուեստական Արձակի Սկզբնաւորումը» վերնագիրով իր աւարտաճառը պաշտպանելէ ետք, կ'արժանանայ Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր աստիճանին: 1977-ին կը ստանձնէ նոյն հիմնարկին Հայ Հին եւ Միջնադարեան Գրականութեան Բաժնի վարիչի պաշտօնը, զոր կը վարէ մինչեւ իր կեանքի վերջը:
Բնագէտ եւ գրականագէտ Մայիս Աւդալբեգեանի գիտական ստեղծագործութիւնը նշանակալից է միջնադարեան գրական յուշարձաններու քննական բնագրերու պատրաստութեամբ ու հրատարակութեամբ, ինչպէս եւ անոնց գրականագիտական ուսումնասիրութեամբ: Անկախ հայագիտական մամուլին մէջ լոյս տեսած իր սերտողութիւններէն, առանձին հատորներով ան հրատարակած է՝ «Խաչատուր Կեչարեցի» (Երեւան, 1958), «Գրիգորիս Աղթամարցի» ( Երեւան, 1963),« Հայ Գեղարուեստական Արձակի Սկզբնաւորումը» (երեւան,1971), «Յայսմաւուրք» ժողովածուներ եւ անոնց պատմագրական արժէքը (երեւան, 1982), աշխատասիրութիւնները: Ան հեղինակակից է նաեւ «Էջեր Հայ Միջնադարեան Արձակից» (Երեւան, 1957) երկին:
Մայիս Աւդալբեգեան կը մահանայ 5 Փետրուար 1983-ին, Երեւան:
Աղբիւր
Խմբագրել- Հայկազեան Հանրագիտական Հանդէս, Հատոր Ժ., Պէյրութ, 1984, էջ 371