Մայր Հայաստան (յուշարձան, Գիւմրի)

«Մայր Հայաստան», յուշարձան Գիւմրիի հարաւարեւմտեան մասը՝ Սեւ բերդին կից: Տեղադրուած է 1975-ին։ Յուշարձանը ընդգրկուած է Գիւմրիի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Մայր Հայաստան
Մայր Հայաստան յուշարձանը Գիւմրիի մէջ
Մայր Հայաստան (յուշարձան, Գիւմրի)ը գտնվում է Հայաստանում
Մայր Հայաստան (յուշարձան, Գիւմրի)
Կը Գտնուի Հայաստան, Գիւմրի
Շինարար Քանդակագործներ` Արա Սարգիսեան, Երեմ Վարդանեան
Ներկայ վիճակ Կանգուն

Պատմութիւն Խմբագրել

Գիւմրիի «Հայաստան» արձանը հանդիսաւոր կերպով բացուած է 9 Մայիս 1975-ին Հայրենական մեծ պատերազմի 30-ամեակին առթիւ՝ յաւերժացնելու պատերազմին մասնակցած բազմաթիւ գիւմրեցիներու յիշատակը:

Իր բնոյթով յուշարձանը կը հանդիսանայ Երեւանի Յաղթանակի յուշարձանի տարբերակը եւ ունի երկակի իմաստ: Այն կոչուած է ճարտարապետութեան եւ քանդակագործութեան կոթողական միջոցներով մեծարել յաղթանակը, յաւերժացնել զոհուղներու յիշատակը, ինչպէս նաեւ գովերգել աշխատանքը[1]:

Յուշարձանի տվեալներ Խմբագրել

Յուշարձանը ունի երկու մասը՝ պատուանդանէ եւ 41մ բարձրութեամբ արձանէ (արձանի բարձրութիւնը 20մ է) բաղկացած ծաւալատարածական կառուցուածքէ: Յուշարձանի հեղինակներու՝ ԽՍՀՄ Գեղարուեստի ակադեմիայի իսկական անդամ, ԽՍՀՄ ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Արա Սարգիսեանի եւ վաստակաւոր ճարտարապետ Ռաֆայէլ Եղոյեանի համատեղ մտայղացմամբ յուշարձանի երկու բաղկացուցիչ մասերը իրենց դիրքով եւ չափերով կը ներդաշնակուին իրարու հետ եւ կը ներկայանան համակցուած ամբողջութեամբ:

Երկկողմանի քարէ աստիճանները անոնց միջեւ սանդղաձեւ տեղաբաշխուած աւազաններու հետ, որոնք սկիզբ կ՚առնեն ընդարձակ դաշտէ եւ կը հասնին մինչեւ յուշարձանի հիմքը, կը հաղորդեն ողջ կառուցուածքի հանդիսաւորութիւն եւ կը նպաստեն անոր ընդհանուր ընկալման:

Մուգ գոյնի տուֆէ կառուցուած պատուանդանը սրընթաց է: Այն վեր կը յառի բարձր բլուրի վրայ՝ միաձուլուելով երկինքին: Այդ սրընթացութիւնը աւելի կ՚ընգծուի շնորհիւ բոլոր ճակատներու՝ ծաւալային առումով ուղղահայաց մասնատման:

Շքամուտք յիշեցնող ելուստները, որոնք հարուստ են հայկական զարդարուեստի կերպարներով եւ կը գտնուին ճակատներու ներքին հատուածին մէջ, գեղարուեստական շեշտադրումներով ընդհանուր առմամբ կը ներկայացնեն ճարտարապետական խիստ լուծումներով կառուցուած պատուանդանը:

Կռած պղինձէ պատրաստուած յուշարձանը կը պատկերէ երիտասարդ կնոջ՝ հանդարտ դիւցազական դիրքով: Մէկ ձեռքը ան բռնած է Զուարթնոց տաճարի խոյակը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի խաղաղ ստեղծագործումն ու հայ ճարտարապետութեան հանճարը, իսկ միւս ձեռքը՝ արմաւենիի ճիւղ: Հպարտ կանգնած կիսամերկ կնոջ կերպարը կ՚առանձնանայ դասական գեղեցկութեամբ, հաճելի կեցուածքով, դիմաստուերով, հագուստի ծալքերու ձեւակերպումով եւ կ՚ընկալուի իբրեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն:

Քանդակագործը յուշարձանի հետին հատուածը պատկերած է յունական վրէժխնդրութեան թեւաւոր աստուածուհի Նեմեսիսի կերպարով:

Բլուրի լանջին՝ աստիճաններէն դէպի ձախ՝ թեք կառուցուած խուլ պատուհաններու միջեւ տեղադրուած է զարդարանքէ զուրկ խաչքարատիպ սիւն՝ «1941-1945» գրութեամբ: Յուշարձանի դիմաց կը գտնուի յաւերժական կրակով անյայտ զինուորի գերեզմանն ու կողքին վեր բարձրացած սեղմուած բռունցքը[1]:

Հեղինակներ Խմբագրել

Տուեալներ Խմբագրել

  • Տարեթիւ՝ 1975 թ.
  • Վայր՝ Գիւմրի
  • Նիւթ՝ կռած պղինձ
  • Բարձրութիւն՝ արձանը՝ 20 մեթր, պատուանդանը տուֆ՝ 21 մեթր


Պատկերասրահ Խմբագրել


Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 Арутюнян В. М. Монумент «Айастан» // Общество охраны памятников истории и культуры Армянской ССР. Ер., 1987.
  2. Կը նուիրուի Արա Սարգիսեանի ծննդեան 115-ամեակին (1902-1969) (2017)։ Արա Սարգսեան։ Երեւան: «ՎարդՀրատ» ՍՊԸ։ ISBN 978-9939-833-24-8