Մանկավարժութեան Կապը Այլ Գիտութիւններու Հետ

Մանկավարժութեան հետ միասին մարդու էութեան, անոր զարգացման, ձեւաւորման եւ բազում այլ հիմնախնդիրներով կը զբաղուին նաեւ շարք մը այլ գիտութիւններ, որոնց հետ մանկավարժութիւնը սերտօրէն կապուած է։ Անհատի դաստիարակութեան, ուսուցման, կրթութեան հարցերը կ'ուսումնասիրեն նաեւ այնպիսի գիտութիւններ, ինչպիսին են հոգեբանութիւն, հասարակագիտութիւն, փիլիսոփայութիւն։ Մանկավարժագիտութեան հիմնական խնդիրն է ճանչնալ մարդուն՝ դաստիարակութեան թեման բոլոր խնդիրներով։

Մանկավարժութիւնը մօտ է այն հիմնական գիտութիւններուն հետ, որոնք կը մտնեն ուսումնական ծրագիրներուն մէջ, քանի որ այդ առարկաներու դասաւանդման մասնաւոր մեթոտիկաները հիմնուած են մանկավարժութեան հիմնական սկզբունքներուն վրայ։

Մանկավարժութեան կապը հոգեբանութեան հետ

Խմբագրել

Մինչեւ 17֊րդ դար մանկավարժութիւնն ու հոգեբանութիւնը կը մտնէին փիլիսոփայութեան մէջ։ Երկու գիտութիւններն ալ կ'ուսումնասիրեն անձի զարգացման, ձեւաւորման հիմնահարցերը։ Չիմանալով մարդու հոգեկան զարգացման օրինաչափութիւնները, դժուար է ղեկավարել անոր գիտակցութեան զարգացումը, տալ անոր գիտելիքներ եւ կարողութիւններ, ձեւաւորել անոր մէջ համապատասխան որակներ, զարգացնել մտածողութիւնը, յիշողութիւնը, ուշադրութիւնը, երեւակայութիւնը։ Մանկավարժութիւնը սերտօրէն կապուած է նաեւ մանկավարժական հոգեբանութեան հետ, որ կ'ուսումնասիրէ ուսուցման գործընթացին մէջ սորվողներու գիտելիքներու, կարողութիւններու իւրացման հոգեբանական օրինաչափութիւնները եւ դաստիարակութեան գործընթացին մէջ անոնց անձի ձեւաւորման հոգեբանական օրինաչափութիւնները։

Մանկավարժութեան կապը փիլիսոփայութեան հետ

Խմբագրել

Փիլիսոփայութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր յարակից գիտութիւններիէն բարոյագիտութիւնը, գեղագիտութիւնը, տրամաբանութիւնը, հասարակագիտութիւնը կ'օգնեն մանկավարժութեան։ Բարոյագիտութիւնը կ'օգնէ բացայայտելու անձի բարոյական դաստիարակութեան հիմնահարցերը, գեղագիտութիւնը՝ գեղագիտական դաստիարակութեան հիմնախնդիրները։ Հասարակագիտութեան հետ մանկավարժութեան կապը կ'արտայայտուի անով, որ հասարակագիտութիւնը ուսումնասիրելով հասարակութեան զարգացման օրինաչափութիւնները, հասարակական կապերու ձեւերը, անով իսկ կ'առնչուի դաստիարակութեան հիմնախնդիրներուն։ Հասարակագիտութիւնը կ'ուսումնասիրէ անհատի վրայ ընկերային միջավայրի, հասարակական կեանքի տարբեր երեւոյթներու հիմնահարցերը։ Հասարակութեան ընկերաբանական մօտեցման իւրայատկութիւնը կը կայանայ անով, հասարակութիւնը կը դիտարկուի իբրեւ ամբողջական ընկերային կառուցուածք, որու զարգացումն ու գործառնութիւնը տեղի կ'ունենայ անոր կենսագործունէութեան տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ գաղափարական կողմերու միջոցով ։ Հասարակագիտութիւնը կ'օգնէ նաեւ ընկերային մանկավարժութեան, ընտանեկան դաստիարակութեան վերաբերեալ տարաբնոյթ հիմնահարցերու լուծման։ Այս կապերը փոխկապակցուած բնոյթ ունին, քանի որ մանկավարժութիւնը իր հերթին հանդէս կու գայ որպէս հասարակութեան ընկերային կեանքի զարգացման, մարդոց բարեկեցութեան, կեանքի որակի բարձրացման գործօն եւ պայման։

Կապը բնախօսութեան եւ անդամաբանութեան հետ

Խմբագրել

Բնախօսութիւնը (Physiology) եւ անդամաբանութիւնը (anatomy)կ'օգնեն մանկավարժութեան բազմակողմանիօրէն ճանչնալու տարբեր տարիքի մարդկոց մարմնի առանձնայատկութիւնը, մարդու ֆիզիքական, մտաւոր եւ աշխատանքային դաստիարակութեան տարբեր հիմնահարցերը։ Բնախօսութիւնը կ'օգնէ նաեւ բացայայտելու ուղեղի բարձրակարգ ջղային գործունէութեան օրինաչափութիւնները։ Մանկավարժութեանը կ'օգնէ նաեւ քիպեռնետիկական տեսութիւնը ՝ գտնելու եւ կիրառելու ուսուցման, դաստիարակութեան զարգացման, դպրոցի կառավարման առաւել արդիւնաւէտ տարբերակներ։

Կապը քաղաքագիտութեան հետ

Խմբագրել

Մանկավարժութեան կապը քաղաքագիտութեան հետ կ'արտայայտուի անով, որ մանկավարժութիւնը կը ձգտի բացայայտել մարդու ձեւաւորման պայմանները եւ հնարաւորութիւնները որպէս քաղաքական գիտակցութեան անհատ։ Ան կը փորձէ նաեւ գտնել քաղաքական գաղափարներուն տիրապետելու հնարաւորութիւնները։

Մանկավարժութիւնը կապուած է նաեւ բնապահպանութեան (էքոլոկիա) հետ։ Շատ բնապահպանական հիմնախնդիրներու լուծումներ կախուած են մարդոց բնապահպանական մտածողութեան, անոնց աշխարհայեացքի, բնապահպանական կրթուածութեան եւ այլ հիմնախնդիրներու լուծման հետ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Լիտա Վանուշի Թորգոմեան, Մանկավարժութեան ընդհանուր հիմունքներ, Ուսումնական ձեռնարկ, Տօներ, 2005

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Фролов С. “Социология”։ Учебник. Для высших учебных заведений. М.։ Наука, 1994 – 256 с.