Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան
Մաշտոց Ա․, (Արապաթլեան, 1964, Հալէպ, Սուրիա), َքահանայ։
Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան | |
---|---|
Ծնած է | 1964 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Ծնողներ | Ճորճ եւ Եւա Արապաթլեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱւազանի անունով Ռաֆֆի, որդի Ճորճի եւ Եւայի, ծնած է Քիլիսցի ծնողքէ, Հալէպ, 1964-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգ․ Հայկազեան վարժարանէն ներս, զոր 1976-ին աւարտելէ ետք, մինչեւ 1979 թուական յաճախած է Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի միջնակարգը։
Մանկութեան օրերէն յաճախած է Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցի եւ եղած է դպիր։ Պատանեկութեան շրջանին մօտ եղած է միութենական ու գաղափարական կեանքին եւ իր մէջ հաւասարապէս զօրացուցած է կրօնական ու ազգային զգացումները, այնքան որ եկեղեցական պատրաստութեան համար որոշած է դպրեվանք դիմել։
1979-ին, ան իր մտադրութիւնը կը գործադրէ եւ իբրեւ սան կ՛ընդունուի Անթիլիասի դպրեվանքը եւ միջնակարգի ուսումն ու տարիքը նկատի առնելով, կ՛ըլլայ ժառանգաւորացի Գ․ Կարգի աշակերտ։
Երկու տարի ուսանելէ ետք, 1981-ին կը վերադառնայ Հալէպ եւ կը մտնէ կեանքի ազատ ասպարէզ։
Մինչեւ 1983 կը հետեւի արհեստի եւ ապա զինուորական ծառայութեան տարիքը բոլորած ըլլալով, կը զօրակոչուի բանակ, ուր կը ծառայէ երեք տարի։ Այդ միջոցին, իր մէջ անգամ մը եւս կ՛արթննայ եկեղեցական դառնալու փափաքը։ Ուստի, 1986-ին կրկին մուտք կը գործէ Անթիլիասի դպրեվանքը՝ քահանայութեան դասընթացքներրու հետեւելու։ Երկամեայ ուսման ընթացքը կ՛աւարտէ 1987-ին ու կը վերադառնայ Հալէպ՝ քահանայ ձեռնադրուելու։
2004-ին, թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եւ Կրօնական ժողովի որոշումով, ան վարչական պատասխանատու կը նշանակուի «Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հոգեւոր Լսարանին»։
Տէր հայրը եղած է նաեւ մէկ տարի Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան ատենապետ եւ հինգ շրջան՝ 1997-2007, Դատաստանական Խորհուրդի անդամ։
Տարիներու իր բարւոք ծառայութեան համար 1997-ին ստացած է Լանջախաղ կրելու իրաւունք, իսկ 2010-ին Աւագութեան տիտղոս եւ պատիւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառէն։[1]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Հրատարակութիւն 2012, Հալէպ, էջ 360-363։