1992-ին դոկտոր Կարպիս Տէր Եղիայեանը հիմնադրած է Մաշտոց Քոլեճը Քալիֆորնիա, Լոս Անճելըս: Դոկտոր Կարպիս Տէր Եղիայեանը նախագահն է 27 տարիներ ի վեր:

Մաշտոց Քոլեճի նպատակը

Խմբագրել

Մաշտոց Քոլեճի նպատակն է հայ մասնագէտներ պատրաստել հայաբոյր միջավայրի մէջ, ի մասնաւորի` մեր ազգային կառոյցներուն սատարող նոր ուժեր:

Մաշտոց Քոլեճին մասնագիտութիւնները

Խմբագրել

Մաշտոց Քոլեճին մասնագիտութիւնները կ՛ընդգրկեն հետեւեալ ճիւղաւորումները` պսակաւոր արուեստից համալսարանական տիտղոս` հայագիտութեան եւ երկլեզուեան մանկավարժութեան մէջ։

Մաշտոց Քոլեճը միակ հաստատութիւնն է ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, որ պետականօրէն վաւերացուած է վերոյիշեալ մասնագիտութիւնները մատակարարելու: Անոնց կողքին, քոլեճը ունի մասնագիտութիւններ` վկայականներու մակարդակով, որոնց մէջ` հայոց լեզու եւ գրականութիւն, երեխաներու հոգատարութիւն, նախադպրոցական եւ մանկապարտէզի ուսուցիչ-տնօրէնի պատրաստութիւն, համակարգիչներու գիտութիւն, հոգեբանութիւն, բժշկական հաշուեգրութիւն, իրաւաբանի օգնական, օտար լեզուներ, անգլերէնը որպէս երկրորդ լեզու եւ խորհրդատուութիւն. հոս պէտք է նշել, թէ հայագիտութեան ամպիոնին մաս կը կազմէ թարգմանչական արուեստը` հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով:

Մաշտոց Քոլեճը միակ համալսարանն է Միացեալ Նահանգներու տարածքին, որ այս մասնագիտութեան մէջ պետական վաւերացում կը կրէ:

Մաշտոց Քոլեճը մասնագիտական մակարդակով կը հետեւի մասնաւորաբար ուսուցչական ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, զանոնք կիրարկելով իր կրթական ծրագիրին մէջ, ուսումնասիրութիւններով, նոր փորձարկութիւններով եւ հետազօտութիւններով:

Մաշտոց Քոլեճի պատգամը

Խմբագրել

Մաշտոց Քոլեճի պատգամը շատ պարզ ու յստակ է: Մեր շրջանաւարտները սպառազինուած են ոչ միայն կրթական գիտելիքներով, այլ նաեւ` ազգային ու բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ: Անոնք, ուր որ ալ հրաւիրուին ծառայելու, մեր անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուելով, համարձակօրէն կրնամ վկայել, թէ մեր շրջանաւարտներու ասպարէզային յաջողութիւնը կախեալ է հետեւեալ ազդակներէն.

1.- Իրենց կեանքը կրնայ իմաստաւորուիլ միայն այն ատեն, երբ այդ կեանքը տուողը ըլլայ իրենց կեանքի օրինակն ու առաջնորդը, եւ մեր Ստեղծողը մեր Արարիչը, մեր Փրկիչն է, առանց որու ներկայութեան` մեր կեանքը կը դառնայ ունայնութիւն:

2.- Հաւատարիմ մնալ հանդէպ մեր ազգային արմատներուն ու մեր կենցաղով միշտ թարմ եւ առողջ պահել զանոնք: Նիւթական հարստութենէ շատ աւելի` մեր զաւակներուն եւ նոր սերունդին պէտք է կտակենք հոգեւոր եւ ազգային հարստութիւն, որոնք մեր երակներուն մէջ կը հոսին որպէս ժառանգ մեր նախահայրերէն, որոնք նահատակութեան ճամբով երաշխաւորեցին մեր ազգին յարութիւնը:

3.- Հաւատարիմ ըլլալ մեր պատմական եւ ներկայ հայրենիքին, մեր ծննդավայրերուն եւ մեր հիւրընկալ այս երկրին. մեր հաւատարմութիւնը պէտք է ցոյց տանք մեր անսակարկ ծառայութեան ոգիով:

4.- Ջատագովը հանդիսանալ ազգային համագործակցութեան ոգիին ու Եղիշէ Չարենցին պատգամը` «Ով հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է»-ն արմատացնել մեր սրտերուն եւ միտքերուն ու հոգիներուն մէջ:

Մաշտոց Քոլեճի կայքէջն ու հասցէն

Խմբագրել

Հասցէ: 117 S Louise Street, #309 Glendale, CA 91205

Կայքէջ: www.mashdotscollege.org

Աղբիւրներ

Խմբագրել