Կարպիս Տէր Եղիայեան

Կարպիս Տէր Եղիայեան, ազգային, կրթական, մասնագիտական, հանրային, նահանգային եւ միջազգային բեղուն գործունէութեան վաստակաշատ կրթական մշակ: Մաշտոց Քոլեճի հիմնադիր եւ 25 տարի ի վեր նախագահ: Կարպիս Տէր Եղիայեան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է, յատկապէս նպաստելու համար Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։

Կարպիս Տէր Եղիայեան
Ծննդավայր Հալէպ
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան[1]
Նորթուեթըրն Համալսարան[1]
University of La Verne?[1]
Աշխատավայր կրթական մշակ, ազգային-հաս. գործիչ, Մաշտոց Քոլէճի հիմնադիր եւ նախագահ
Ամուսին Անճելա Տոքթորեան-Տէր Եղիայեան
Երեխաներ երկու որդի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Արմատներով Խարբերդցի: Ծնած է Հալէպ:

Իր համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, իսկ դոկտորական վկայականը Ա.Մ.Ն. Northwestern աշխարհահռչակ համալսարանէն: 17 տարեկանէն նուիրուած է կրթական գործին եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ իր 40 տարիներու ծառայութեան ընթացքին ունեցած է 10,000է աւելի ուսանողներ, որոնց մեծ մասին ներշնչման աղբիւր եղած է:

Պատուոյ Կոչում

Խմբագրել

Կարպիս Տէր Եղիայեան արժանացած է 5 Պատուոյ դոկտորական վկայականներու եւ 9 փրոֆեսորական կոչումի:

Լա Վերնի (Քալիֆորնիա) Միջազգային Քոլեճ

Խմբագրել

Կարպիս Տէր Եղիայեան 16 տարի ծառայեցի որպէս տնօրէն եւ նախագահ Լա Վերնի (Քալիֆորնիա) Ամերիկայի միջազգային քոլեճին:

Մաշտոց Քոլեճի հիմնադիր եւ նախագահ

Խմբագրել

1992-ին Կարպիս Տէր Եղիայեան հիմնադրեց «Մաշտոց Քոլեճ»ը եւ 27 տարիէ ի վեր նախագահն է:

Մաշտոց Քոլեճը յստակ տեսիլքի ծնունդ է: Ակնյայտ եւ անվիճելի է Մաշտոց Քոլեճին կենսական դերը ամերիկահայ գաղութի գոյութեան ու գոյատեւման մէջ։ Բարձրագոյն կրթութեան նուիրուած այս կրթօճախը հպարտօրէն եւ արժանաւորապէս կը կրէ մեր մեծ վարդապետ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի բարձրանունը: Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ղեկավարութեամբ եւ տենդագին աշխատանքով: Քոլէճը 25 տարուան ընթացքին ունեցած է 7065 ուսանող, որուն 7034ը՝ 96%ը աշխատանքի տեղաւորուած է. պաշտօնէութիւն՝ 28, պատուոյ դասախօսներ՝ 5, համանքային ձեռնարկներ՝ 168. Մաշտոց Քոլեճին ստացած գնահատագրերը՝ 112, հեռուստացոյցի ծրագրեր՝ 2,276, պատուոյ փրոֆեսորի կոչում՝ 16, այցելուներ, տեղական՝ 4,064, միջազգային այցելուներ՝ 988 եւ այլն:

  Եթէ որեւէ կրթական հաստատութիւն քայլ չի պահեր արդի մանկավարժական ծրագիրներուն հետ, ոչ միայն կը մնայ իր մակարդակին վրայ, այլ նահանջ կ՛արձանագրէ եւ իր առաքելութիւնը լուրջ բարդութիւններ կը դիմագրաւէ: Մաշտոց քոլեճը մասնագիտական մակարդակով կը հետեւի մասնաւորաբար ուսուցչական ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, զանոնք կիրարկելով իր կրթական ծրագիրին մէջ, ուսումնասիրութիւններով, նոր փորձարկութիւններով եւ հետազօտութիւններով: Ուրախ եւ հպարտ եմ, որ մեր շրջանաւարտները սպառազինուած են այս նոր զարգացումներով եւ զանոնք յաջողապէս կը կիրարկեն իրենց ասպարէզին մէջ:[3]
- Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան
 


Կիրակի, 4 Յունիս, 2017-ին, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանի մէջ յորդահոս բազմութեան մը ներկայութեամբ, տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Մաշտոց Քոլեճի հիմնադրութեան 25-ամեակը եւ անոր նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծաւալած կրթական, մշակութային եւ հասարակական ծառայութեան 40-ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան, յանձինս` Վալերի Մկրտումեանի:

Հրատարակութիւն

Խմբագրել

Կիրակի, 11 Յունիս, 2017-ին, կ. ե. ժամը 5-ին, գեղարուեստական բարձրորակ յայտագրով մը պիտի շարունակուի 25-ամեակի տօնախմբութիւնը Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ, պանծացնելով Մաշտոց Քոլեճի 25-ամեակը, այս առիթով եւ մեծագոյն հաճոյքով հանդիսականներուն ներկայացուեցաւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի նոր հրատարակուած «Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Կապադովկիոյ շրջաններուն», նաեւ գրաւուած պատմական եւ ականատեսի բազմաթիւ այցելութիւններու արդիւնք եղող վկայութիւններու արխիւային նոր հատորը:

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի՝ «Voices in Silence» («Ձայներ Լռութեան Մէջ») անգլերէն հատորը կը բաղկանայ 352 էջերէ: Այդ էջերը ընթերցողին կու տան 1987էն ի վեր գրողին կողմէ կազմակերպուած ուխտագնացութիւններուն մասին տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւններ: Իսկ հատորի 285 էջերը՝ մեծ ու փոքր, գունաւոր եւ գեղատեսիլ նկարներու համադրութիւն մը կը կազմեն: Դոկտորին սոյն 15րդ հատորը, ցարդ իր հրատարակած 14 երկերուն թագն ու պսակը կազմելու բոլոր արժանիքները ունի:

Բարեսիրական Միութիւններ

Խմբագրել

Վարչական անդամ եւ ղեկավարութեան մէջ է կրթական, բարեսիրական մօտ 11 միութիւններու: Ատենապետն է Լոս Անճելըսի Գաւառի Բանտերու Յանձնախումբին:

Ռոթըրի միջազգային կազմակերպութեան

Խմբագրել

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան Ռոթըրի միջազգային կազմակերպութեան վարչական խորհուրդի գանձապահն է: Իր անունով կը կոչուի Ռոթըրիի միջազգային կազմակերպութեան խաղաղութեան նուիրուած հիմնարկը: Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան նաեւ 1990-ին հիմնած է միջազգային «Ռոթըրի»ի թիւ 5300 շրջանի խաղաղութեան նուիրուած տարեկան խորհրդաժողովներու շարք: Ան Քալիֆորնիոյ Լա Վերն քաղաքի «Ռոթըրի» ակումբին անդամ է։

«Ռոթըրի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան ճամբով անոր մատուցած սպասարկութիւնները՝ աւելցնելով, որ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ջանքերով կարելի եղած է այդ կազմակերպութեան մասնաճիւղ մը հիմնել նախկին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս, Երեւանի մէջ։

Ատենապետն է ամերիկեան Rotary Club մարդասիրական կազմակերպութեան Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Շրջանի նախագահը եղած է: Այս կազմակերպութեան միջոցաւ կազմակերպած է 28 յաջորդական տարեկան համագումարներ, նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան:

2017-ին, Կարպիս Տէր Եղիայեան ընտրուած է «Ռոթըրի» Խաղաղութեան խմբակի ատենապետ, 2018-2019 տարեշրջանին համար։

Գնահատագիրներ

Խմբագրել

Գնահատուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն կողմէ, Ա.Մ.Ն. 4 նախագահներէ եւ 32 համալսարաններէ:

Կիրակի, 4 Յունիս, 2017-ի երեկոյեան, Կլէնտէլի Ֆինիսիա հանրածանօթ ճաշարանի մայր սրահին մէջ ԱՄՆ-ի հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Լոս Անճելըսի հայութիւնը մասնաւորաբար, հանդիսաշուք ձեռնարկով մը նշեցին ԱՄՆ-ի ողջ տարածքին մէջ գործող առաջին եւ ցարդ միակ հայկական անկախ Մաշտոց Քոլէճի պատուաբեր 25-ամեակը:

4 Ապրիլ, 2017-ին, Երեքշաբթի առաւօտեան Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու ընդհանուր ժողովին Քէնէթ Հան համալիրի սրահին մէջ։ Ժամը 10:45-ին բեմ հրաւիրուեցաւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան ստանալու համար գաւառի կողմէ գովեստի յատուկ գնահատագիր մը, տրուած վերահսկիչ Տիկ. Քաթրին Պարկըրի կողմէ, որ կը պարունակէ ստորագրութիւնները բոլոր հինգ վերահսկիչներու: Տիկին Պարկըր նաեւ հռչակեց Ապրիլը, որպէս հայոց պատմութեան նուիրուած ամիս:

Տիկ. Պարկըր կարճ կերպով նախ նշեց Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին անցած ուղին, ապա անդրադարձաւ անոր կատարած ազգային, կրթական, մասնագիտական, հանրային, նահանգային եւ միջազգային բեղուն գործունէութեան մասին, որպէս անհատ քաղաքացի, քառասուն երկար տարիներու վրայ երկարող իր պարտականութիւններուն գիտակից անձ:

Դոկտ. Կարպիս, ինչպէս միշտ ան ազատ եւ անկաշկանդ խօսքի վարպետ է: Ան իր կուռ ճառին մէջ այս գնահատագիրը նուիրեց մեր երկու միլիոն նահատակներու յիշատակին, մատնանշելով թուրք կառավարութեան անմարդկային ցեղասպանական արարքը հանդէպ հայ ժողովուրդին, նոյնիսկ իրենց հողերուն վրայ:

Պարգեւատրում Ոսկէ Մետալ

Խմբագրել

Կիրակի, 4 Յունիս, 2017-ին Մաշտոց քոլեճի հիմնադրութեան 25-ամեակը եւ անոր նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծաւալած կրթական, մշակութային եւ հասարակական ծառայութեան 40-ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութեան ժամանակ, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ամենաբարձր` Ոսկէ մետալով, որ իր հետ Հայաստանէն բերած էր քոլեճի դասախօսական կազմի անդամ Յովսէփ Նալպանտեանը:

Կրթական եւ Մարդասիրական աշխատանքներ

Խմբագրել

Կարպիս Տէր Եղիայեան եղաւ առաջին ազգային գործիչը, որ Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժի տարին, մեր գաղութի պատմութեան մէջ եղաւ առաջին թելեթոն կազմակերպողը հայրենի մեր ժողովուրդին վէրքերը ամոքելու համար: Անկէ առաջ եւ անկէ ետք բազմաթիւ ծրագիրներով կրթական եւ մարդասրական աշխատանքներով իր նպաստը բերած է մեր յաւերժական Հայրենիքին:

Ուխտագնացութիւններ

Խմբագրել

Կարպիս Տէր Եղիայեան կազմակերպած է 25 անգամ դէպի պատմական Հայաստան ուխտագնացութիւններ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել