Մասնակից:Մարօ Գասպարեան/Սեւագրութիւն

Մտածողը, (Ֆրանսերէն Le Penseur), պրոնզէ/ պղնձաձոյլ քանդակ մըն է քանդակուած Օկիւսթ Ռոտէնի կողմէ:Այս քանդակը սովորաբար զետեղուած է քարէ պատուանդանի մը վրայ: Ան կը ներկայացն դիւցազնական արական հոլանի կերպար մը, որ նստած է ժայռի մը վրայ եւ իր ձեռքը հանգչեցուցած է ծնօտին ու կը խոկայ: Այս կերպարը որպէս փիլիսոփայութիւն ներկայացնող պատկեր կը գործածուի շատ յաճախ: Իր ամբողջ հասակով 28 կաղապարներ կամ կրկնօրինակներ կը գտուին, ուր «Մտածող»ը 185.43 սմ հասակով ներկայացուած է, թէեւ անոնք բոլորը Ռոտէնի կեանքի տեւողութեան ընթացքին եւ իր հսկողութեամբ չէ որ ստեղծուած են: Գոյութիւն ունին նաեւ զանազան տարբերակներ, կարգ մը գաճով շինուած,  ուսումնասիրութիւններ ու յետմահու տարբեր չափի կաղապարներ: Ռոտէն այս քանդակին առաջին մտայղացումը ունեցած է  Դժոխքի Դարպասները (The Gates of Hell ) աշխատանքին մէջ 1880-ին, սակայն մեզի ծանօթ կոթողական կաղապարը կամ քանդակը առաջին անգամ ի յայտ եկած է 1904 թուին:

Կաղապար:Բովանդակութիւն