AramMour
ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ Աթէնք, Հունաստան ΑΘΗΝΑΕλλάδα հիմնարկութիւն 2 Յունուար 1981ին ,Օրհնութիւնը եւ օծումը՝ 22 Փետրուար 1981ին,ձեռամբ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ լուսահոգի Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեանի։Եկեղեցւոյ շինութիւնը տեւած է երկու տարի եւ Նաւակատիքն ու օծումը տեղի ունեցած է յաջորդական երեք օրերու ընթացքին, 14-16 Յունուար 1983ին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը ձեռամբ լուսահոգի Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Տ. Սահակ Ս. Արք. Այվազեանի, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Փանոսեանի եւ նորակերտ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ.եղարդ քհնյ. Պապողլեանի եւ ներկայութեամբ բոլոր շրջաններու հոգեւոր հովիւներուն, յոյն պետական, կարավարական, ինչպէս նաեւ Ազգային Միութենական եւ հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու, եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի յոյն ներկայացուցիչ Պրն. Փափանտոնիուի։ Եկեղեցւոյ մուտքին մայր դրան ձախին զետեղուած է մարմարէ ցուցատախտակ մը որուն վրայ գրուած է.- ԿԱՌՈՒՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՐԲ. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵԿԻ Ի ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ Տ.Տ. ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ԱԹՈՌԱԿԻՑ ՆՈՐԻՆ Տ.Տ. ԳԱՐԵԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՅԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ, Ի ԹՈՒԻՆ ՀԱՅՈՑ ՌՆԼԲխ 1983։ Եկեղեցւոյս այժմու հոգեւոր հովիւն է Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան