Մարաշ (ամսագիր)
«Մարաշ», երկամսեայ տեղեկատու պարբերաթերթ, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան պաշտօնաթերթ։ Լոյս տեսած է 1954-1966 թուականներուն, Պույէնոս Այրեսի մէջ, հայերէն եւ սպաներէն։ խմբագիր՝ Ս. Չալեան։ Լուսաբանած է Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ բնակութիւն հաստատած մարաշցիներու մշակութային, կրթական եւ երիտասարդական կեանքը։ Կոչ ըրած է հանգանակութեամբ կրթական ֆոնտ ստեղծել Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ ապրող հայ երիտասարդներու համար։ «Հայրենի աշխարհ» խորագրով ներկայացուցած է Հայաստանի մշակութային ու տնտեսական կեանքը, տպագրած հայրենիք ներգաղթած մարաշցիներու նամակները, հրապարակած Մարաշի անցեալին ու ներկային վերաբերող յուշեր, ականատեսներու նկարագրութիւններ, ուսումնասիրութիւններ։