Մարզպետ (մանկավարժ)

Մարզպետ (Ղազար Ղազարեան) (1878, Թամզարա - 1915), ուսուցիչ եւ քաղաքական գործիչ։

Մարզպետ
Ծննդեան անուն Ղազար Ղազարեան
Ծնած է 1878
Մահացած է 1915
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Մանուկ հասակէն որբացած՝ կու գայ Կոստանդնուպոլիս եւ Պէզճեան վարժարանին մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, հօրեղբայրը զինք կ'ուղարկէ Միւնիխ, ուր կ'աւարտէ իր մասնագիտութիւնը։ Հոնկէ մեկնելով Պուլկարիա՝ պահ մը կը զբաղի ուսուցչութեամբ, ապա իր պատկանած կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ կ'անցնի Պարսկաստան, եւ Խոյի մէջ պատասխանատու ներկայացուցիչ կը կարգուի։ Կը մասնակցի հայ-թաթարական ընդհարումներուն, մանաւանդ զէնքի փոխադրութեանց գործը ստանձնելով։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին՝ կը մեկնի Թուրքիա եւ Բաղէշի մէջ գլխաւորաբար զարկ կու տայ կրթական գործին, մտնելով ամէն խաւէ ներս։ Կու գայ Պոլիս եւ կը վարէ Եէնի Գաբուի դպրոցին տեսչութիւնը քանի մը տարի, ապա Պուլկարիա կ'ուղեւորուի կազմակերպական գործերով։ Ձերբակալուած ու աքսորուած է։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Թամզարա 1878-ին: Մանուկ հասակէն որբացած կու գայ Պոլիս եւ Պէզճեան վարժարանը նախնական կրթիւթիւնը ստանալէ ետք, հօրեղբայրը կ՛ուղարկէ զինքը Միւնիխ, ուր կ՛աւարտէ իր մասնագիտութիւնը (մանկավարժութիւն): Հոնկէ մեկնելով Պուլկարիա՝ պահ մը ուսուցչութեամբ կը զբաղի, յետոյ իր պատկանած կուսակցութեան՝ դաշնակցութեան կողմէ կ՛անցնի Պարսկաստան, եւ Խոյի մէջ պատասխանատու ներկայացուցիչ կը կարգուի. սակայն յաչս պրսկ. կառավարութեան կը ներկայանայ իբր Վէքիլը Խալիֆէ (առաջնորդի փոխանորդ):

Կը մասնակցի Հայ-թաթարական ընդհարումներուն, մանաւանդ զէնքի փոխադրութեանց գործը ստանձնելով: Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին՝ կը մեկնի Թուրքիա եւ Բաղէշի մէջ գլխաւորաբար զարկ կու տայ կրթ. գործին մտնելով ամէն ներս: Կու գայ Պոլիս եւ կը վարէ Եէնի Գաբուի դպրոցին տեսչութիւնը քանի մը տարի. յետոյ Պուլկարիա կ՛ուղեւորի կազմակերպական գործերով: Ընդհ. պատերազմին սկիզբները մայրաքաղաքը կը վերադառնայ: Սարսափի օրերուն պահուըտած կը մնար. բայց – անձնուրաց եւ այլասէր մարդ – նոր աքսորուած Թաւադեանը դիմումներով փրկելու փութկոտութեամբ՝ դուրս կ՛ելլէ թաքստոցէն ու կամրջին վրայ կը ձերբակալուի : Կէս տարի Կեսարիա տարագիրի կեանք մը բոլորելէ ետք՝ կը յաջողի համոզել Վալին, զինքը Պոլիս վերադարձնելու թէ կարեւոր յայտնութիւններ ունի ընելիք. մանաւանդ երբ Կովկաս երթար՝ Թուրքիոյ ի նպաստ բրօբականտ պիտի ընէր...: Սակայն գալէն քանի մը օր վերջ կրկին կ՛աքսորուի: Թռուցիկի ձեւով հրատարակած է «Զուլումաթի» զինուոր Օհաննէսի կենսագրութիւնը, իսկ Պոլիս Մանկական Աշխարհը: Կը կոչուէր նաեւ «Մարզպետունի»: « Հայկ Առաքելեան» իր աւստր. Հպատակութեան կեղծանունն էր՝ զոր կը գործածէր Պարսկաստան: Երկու անհատ, «մտաւորական»ն ու «հայդուկ»ը, կ՛ապրէին իր մէջ:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել
  • Թռուցիկի ձեւով հրատարակած է «Զուլումաթ»ի զինուոր Օհաննէսի կենսագրութիւնը, իսկ Պոլիս՝ «Մանկական աշխարհ»ը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել