Միւնիխ (գերմաներէն՝ München, աւանդական հայերէն ուղղագրութեամբ՝ Մյունխէն), Գերմանիոյ երրորդ քաղաքը Պերլինէն եւ Համպուրկէն ետք, Պաւարիոյ մայրաքաղաքը։ Ըստ Մայիս 2015-ին կայացած մարդահամարի տուեալներուն՝ Մյունիխ ունի շուրջ 1,5 միլիոն բնակիչ։ Պաշտօնապէս քաղաք հռչակուած է 1158-ին[6]։ 1255-ին քաղաքը դարձած է բաւարական Հերցոգի նստավայր, 1328-ին՝ կայսերական աթոռանիստ, իսկ 1508-էն անկախ բաւարական մարզի կեդրոնն է։ Մյունիխի մէջ կը գտնուին պետական եւ միջազգային ներկայացուցչարաններ, կարեւորագոյն կրթական հաստատութիւններ, նշանակալից թանգարաններ եւ թատրոններ եւ հանրածանօթ շինութիւններ։ Հոս յաճախ կը կազմակերպուին միջազգային մարզական մրցոյթներ, ցուցահանդէսներ, համագումարներ, ինչպէս նաեւ բաւարական ազգային տօներէն մէկը՝ Օքթոբերֆեսթը։

Բնակավայր
Միւնիխ
գերմաներէն՝ München[1]
Դրօշակ Զինանշան


Weltstadt mit Herz եւ München mag Dich
Երկիր  Գերմանիա
Ներքին բաժանում Ալտշտադտ-Լեհել?, Ludwigsvorstadt-Isarvorstadt?, Մաքսֆորշտադտ?, Schwabing-West?, Au-Haidhausen?, Sendling?, Sendling-Westpark?, Schwanthalerhöhe?, Neuhausen-Nymphenburg?, Moosach?, Milbertshofen-Am Hart?, Schwabing-Freimann?, Bogenhausen?, Berg am Laim?, Trudering-Riem?, Ramersdorf-Perlach?, Obergiesing-Fasangarten?, Untergiesing-Harlaching?, Thalkirchen-Obersendling-Forstenried-Fürstenried-Solln?, Հադերն?, Pasing-Obermenzing?, Aubing-Lochhausen-Langwied?, Allach-Untermenzing?, Feldmoching-Hasenbergl? եւ Laim?
lord mayor of Munich? Dieter Reiter?
Հիմնադրուած է՝ 1158[2][1]
Առաջին յիշատակում 14 Յունիս 1158
Տարածութիւն 310,71 քմ²
ԲԾՄ 519±1 մեթր
Բնակչութիւն 1 510 378 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2023)[3]
Կը գտնուի ափին Իզար?, Isar-Werkkanal?, Würm?, Այսբախ?, Auer Mühlbach?, Kleinhesseloher See?, Dreiseenplatte?, Kleine Isar?, Nymphenburg Canal? եւ Schwabinger Bach?
Ժամային գօտի UTC+1 եւ UTC+2
Հեռախօսային ցուցանիշ 089
Փոստային ցուցանիշ 80331–81929[4] եւ 85540
Շրջագայութեան պետ-համարագիր M եւ MUC[5]
Պարգեւներ Führerstadt? Hauptstadt der Bewegung?
Անուանուած է վանական
Սուրբ բարեխօս Benno?
Պաշտօնական կայքէջ muenchen.de

Աշխարհագրական դիրք

Խմբագրել
 
Gmunder Straße․ Որմանկար

Կը գտնուի Ալպեան նախալեռներուն, Լաութերախ շրջանին մէջ։ Քաղաքին ամէնէն բարձր կէտն է Զոլնի շրջանը, որ կը գտնուի Վարնպըրկ կոչուող շինութենէն շուրջ 600 մ դէպի հարաւ (579 մ բարձր ծովու մակերեսէն) եւ ծովու մակերեսէն 580,5 մ բարձր է։ Ամէնէն ցած կէտը քաղաքին հիւսիսային սահմանին մօտ՝ Ֆելտմոխինկ շրջանին մէջ՝ Շվարցհյոլց անտառային շրջանէն դէպի արեւմուտք է եւ ծովու մակերեսէն 480 մ բարձր է։ Հետեւաբար քաղաքին տեղամասերուն բարձրութիւններուն առաւելագոյն տարբերութիւնը 100,5 մ է։ Մյունիխի մէջէն կը հոսի Իզար գետը, որուն երկայնքը 13,7 քմ է։ Գետին վրայ կառուցուած է Վէրքկանալ կոչուող ջրանցքը։ Մյունիխ ունի ստորգետնեայ ջուրերու մեծ պաշար մը, իսկ քաղաքէն հիւսիս ստորգետնեայ ջուրերէն յառաջացած ճահճուտներ կան, որոնցմէ նշանաւոր են Տաչաուեր Մոոսը՝ հիւսիս-արեւմտեան կողմը եւ Էրտինկեռ Մոոսը՝ հիւսիս-արեւելեան կողմը։ Քաղաքին մակերեսը կը կազմէ շուրջ 31,071,91 հա, որուն 44,1%֊ը կը կազմեն տարբեր տեսակի շինութիւններ, 17,2%֊ը՝ մայրուղի, 15,5 %ը՝ կանաչ բուսականութիւն, իսկ մնացեալ տարածութիւնները՝ հանգստեան գօտիներ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել