Մարիամ Չիլինկիրեան-Ամբակումեան
Մարիամ Չիլինկիրեան-Ամբակումեան, գթութեան քոյր, Եդեսիոյ հերոսամարտի մասնակից։
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
---|
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԹեթեւ կաղալու պատճառով զինք կոչած են «Թիմուր լէնկ» մականունով։ Եղած է Եդեսիոյ Կարմիր խաչի սիւներէն մին։ Եդեսիոյ հերոսամարտի ընթացքին նշանաւոր դարձած է ո՛չ միայն որպէս տիպար գթութեան քոյր, այլեւ՝ մարտիկներու խիզախ գործընկեր։ Երբ թուրքերու դիրքերէն ճերմակ դրօշակ պարզուեցաւ եւ յայտարարուեցաւ, թէ՝ Ֆախրի փաշան երկու հոգի կ՛ուզէ բանակցութիւն վարելու համար, Մարիամը խիզախօրէն առաջ անցած է, որուն հետեւած է մտերիմ ընկերուհի՝ Ազնիւ Միրզոյեանը։ Երբ անոնք հասած են թուրք փաշային քով, վերջինս շատ յարգալիր վերաբերմունք ցոյց տալով ըսած է. «Զաւակնե՛րս, ձեր քաջութեան վրայ կը հիանամ։ Կը ցաւիմ, որ ստիպուած կռուած եմ ձեզի պէս հերոսներու եւ հերոսուհիներու դէմ։ Սակայն այլ կերպ չենք կրնար վարուիլ պետութեան անհնազանդ եղողներուն հետ։ Կւ Խղճամ ձեր ժողովուրդին։ Կը ցանկամ, որ վերադառնաք ու խօսի՛ք ձեր հրամանատարին հետ։ Դուք ձեր ունեցած ուժերով աւելին չէք կրնար ընել բանակի մը դէմ»։ Երկու հերոսուհիները փաշային պատասխանած են. «Շատ լաւ կը խօսիք։ Սակայն կը մոռանաք, որ կռիւը մե՛նք չենք սկսած։ Մեր երիտասարդներուն ու առաջնորդին տարիք եւ սպանեցիք։ Ձայն չհանեցինք։ Ի՛նչ որ պահանջեցիք` տուինք։ Այլեւս ի՞նչ կ՛ուզէք մեզմէ։ Ձեր կատարած անգթութիւններուն փոխարէն, գերի ինկած թուրք զինուորներուն կը պահենք առանց վնաս հասցնելու։ Դադրեցուցէ՛ք յարձակումները եւ մենք դարձեալ հաւատարիմ հպատակներն ենք կառավարութեան»։
Թուրք փաշան չէ ընդունած անոնց առաջարկը, սակայն հայ հերուսուհիներուն անվեհեր ու կորովի կեցուածքը՝ զինք խորապէս տպաւորած է։ Ամբողջ հերոսամարտի ընթացքին Մարիամը կռուած է մարտիկներուն հաւասար, խնամած վիրաուորներուն, մխիթարած յուսահատներուն։ Հերոսամարտէն ետք, ժողովուրդի բեկորներուն, առաջնորդած է դէպի ապահով թաքստոցներ կամ պատսպարած օտար հաստատութիւններու մէջ։ Շատերու պէս, Մարիամը եւս, ձերբակալուած է ու դատապարտուած՝ 101 տարուայ բանտարկութեան։
1918 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, ազատուած է բանտէն։ Այնուհետեւ տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ յետագային ամուսնացած՝ Ամբակումեանին հետ։
Գրականութիւն
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։