Մարմնակալ, եկեղեցական քառանկիւն ճերմակ մաքուր կտաւ կամ դաստարակ, որ Պատարագի ատեն ծածկոցներուն վրայ ու սկիհին եւ մաղզմային տակը կը փռուի, թէ՛ ի պատիւ սրբութեան եւ թէ՛ սրբագործուած նշխարին փշուրները հաւաքելու նպատակով: Անիկա մածան նիւթով կը լուացուի ու կ'արդուկուի:

Մարմնակալը երկիւղով կը գործածուի, որովհետեւ անոր վրայ կը դրուի Յիսուսի Ս. Մարմինն ու Արիւնը: Անիկա կը խորհրդանշէ պատանքը, որմով խաչեալ Քրիստոսը փաթթած ու տեղաւորած են գերեզմանին մէջ։ Ս. Պատարագին սկիզբը քահանան զայն կը փռէ սկիհին եւ մաղզմային տակը, ապա Ս. Պատարագի աւարտին՝ զայն կրկին կը ծալէ ու կը դնէ սկիհին վրայ կամ յատուկ տեղ մը:

Աղբիւրներ Խմբագրել