Մարշմելօ
Մարշմելօն, շաքարէ կազմուած քաղցրաւենի մըն է, իր արդի վիճակին մէջ, մասնաւորապէս կազմուած շաքարէ, ջուրէ եւ ժելատինէ (դոնդող)՝ վերածուած սպնգային կակղութեան, ձեւաւորուած փոքր գլանային կտորներու, եւ ծածկուած կորեկի նշայով։ Այս նիւթը արդի տեսակն է դեղային բաղադրութենէ մը՝ կազմուած «Althaea officinalis»է, մարշմելոյի բոյսը[1]:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄարշմելօն հաւանաբար առաջին անգամ եկած է իբր դեղական նիւթ, որովհետեւ «mucilaginous extracts»ը մարշմելոյի բոյսի արմատէն կու գայ, «Althaea officinalis»ը, կը գործածուէր իբր դարման կոկորդի ցաւի։ Արմատը կը գործածուէր Եգիպտական հին դարերէն ի վեր քաղցրացած-մեղրի բաղադրութեան մը մէջ, որ կ'ըլլար իբր կոկրդի ցաւի դարման։[2] Աւելի վերջ ֆրանսական տեսակի խոհագիրը, որ կոչուեցաւ «pâte de guimauve» (կամ կրճատուած «guimauve»), կը պարունակէ հաւկիթին egg white meringue եւ յաճախ ծածկուած վարդաջուրով (rose water):
Հին Եգիպտոսի ժամանակ անուշ արմաւ պատրաստելու համար, մարշմելօն բուսահիւթէ խառնուած կաղին եւ մեղրով կը խառնուէր։ Ցօղունը կը կեղւըուէր հանելու համար փափուկ եւ սպնգային սրտուկը, որ կ'եռացուէր շաքարի օշարակի մէջ եւ կը չորցուէր ունենալու համար փափուկ եւ կակուղ բանդակ մը։[2] Մարշմելոյի բոյսի բուսահիւթը նաեւ կը գործածուէր կլէտիէյթըրներու եւ հին հռոմայէցիներու կողմէ։ Բուսահիւթը կը քսուէր մարմնին վրայ պատերազմի պատրաստութեան համար։
Արդի տեսակի զարգացումը
ԽմբագրելՖրանսայի 19-րդ դարու քանդակագործներ քաղցրներու համար բացին նորաձեւութեան ճամբայ մը, պատրաստելու համար արդի մարշմելոյին նման մարշմելօ մը։ Բաղադրութիւնը կը կազմուէր տեղականօրէն, սակայն, փոքր անուշավաճառներու կողմէ։ Անոնք կ'արտահանէին բուսանիւթը մարշմելոյի բոյսի արմատէն։ Անուշը շատ հռչակաւոր էր, բայց անոր արտադրութիւնը սաստիկ աշխատանքային։ 19-րդ դարու վերջերը, Ֆրանսացի արտադրողներ մտածեցին օգտագործել հաւկիթի ճերմկուց կամ ժելատին, միացուած բարեփոխուած կորեկի նշայով, ստեղծելու համար փափուկ հիմքը։ Այս վերջինը հեռացաւ աշխատանքային ընթացքէ, սակայն կը պահանջուէր արտադրական մեթոտներ որպէսզի միացնեն ժելատինը եւ կորեկի նշան ճիշդ ձեւով[2][3]:
Այլ մղոնաքար մը եղաւ արդի մարշմելոյի զարգացման մէջ, որ էր արտաքսման ընթացքը, ամերիկացի Ալեքս Տումաքի կողմէ 1954-ին։ Մարշմելոյի խառնուրդը պատրաստելու համար կը ստկուի արտաքսման գլուխները: Բազմաթիւ անցքեր կազմած նիւթը- իրարու քով կը շարուին եւ երկար շարունակելի մարշմելօներու «պարաններ»ու կը շարուին: Այս աշխատանքի հետեւանքը եղաւ, որ մարշմելօները բոլորովին արտադրուին ինքնավար ձեւով եւ մեզի կը հասնի ծանօթ գլանային ձեւը այսօրուան մարշմելոյին։ Այսօրուան արդի մարշմելոյի արտադրման բոյսերը, կրնայ գործածուիլ մեծ քանակով մարշմելօ շինելու համար։ Հսկայ արտադրողական սաներու մէջ, ջուր, շաքար, եւ կորեկի նշան կը տաքցուին յատուկ ջերմաստիճանով մը եւ կ'եփին որոշ ժամանակի մը համար։ Այս խառնուրդը ետքը կը նրբամուճակուի այլ սանի մէջ որպէսզի պաղի։ Վերաջրատուած ժելատին կ'աւելցուի եւ կը խառնուի. խառնուրդը բաւական կը պաղի այնքան մը՝ որ չմերցնէ ժելատինը։ Մարշմելոյին իր փափկութիւնը տալու համար կը ջրհանուի խառնիչի միջոցով. մինչ օդ կը նրբամուճակուի անոր մէջ։ Այս ատեն՝ ան տակաւին պէտք ունի պաղելու, որպէսզի իր ձեւը պահէ երբ կ'արտաքսուի, կ'օդահանուի տաքութիւն փոխանակողի միջոցով, նախքան արտաքսման գլուխներու միջոցով նրբամուճակուիլը լայն փոխատար գօտիի մը վրայ։ Փոխատար գօտին կը ծածկուի կորեկի նշայով եւ ալ աւելի կորեկի նշայ կը փոշիացուի, մարշմելոն արտամղման վրայ անցընելով փոխատարէն։ Փոխատարի լայնութեամբ հսկայ դանակ մը կը գտնուի փոխատարման սեղանին վերջը, որ կը կտրտէ արտաքսումը մարշմելօն փափաքած չափով։ Կտորները ապա կը գլորին կորեկի նշայի մեծ ամանի մը մէջ, որպէսզի մարշմելօն կազմէ իր մորթը եւ օգնէ այն կտորներու բաժանման, որոնք չկտրուեցան[3]:
Մարշմելօները, այլ անուշեղէններու նման, կը քաղցրանան շաքարուցով (սիւքրոզ). անոնք ներկայիս կը պատրաստուին շաքարուցի եւ սպիտի (բրոթէին) օգնութեամբ մինչեւ որ կը հասնին իրենց վերջին խտութեան մօտաւորապէս 0.5 կ/մլ.: Սպիտները, ժելատինը եւ կամ հաւկիթի ճերմկուցը, կ'արգիլեն օդով լեցուած բջիջներու անկումին[4]:
Խորոված մարշմելօ
ԽմբագրելՀռչակաւոր է արտաբնական աւանդութիւն մը ԱՆգլիոյ[5], Հիւսիսային Ամերիկայի, Նիւ Զելանտա եւ Աւստրալիոյ մէջ մարշմելոյի խորովումը կրակի վրայ[6]: Այս մէկը կը ստեղծէ սեւաշաքարուած արտաքին մաշկ՝ հեղուկով, յատակը կ'ըլլայ հալած խաւ մը։ Ըստ մարդոց նախասիրութեան, մարշմելօները կը խորովուին զանազան տաքութիւններով, թեթեւ տաքցուած եւ մինչեւ այրած խաւով։ Խորովուած մարշմելօն կամ կ'ուտուի բոլորովին եւ կամ ալ դուրսի խաւը հանելով եւ զատեն ուտելով եւ մնացեալը նորէն խորովելով։
Սմորզը կը շինուի խորոված մարշմելօն զետեղելով տուրմի շերտերու վրայ, եւ որոնք կը դրուին կրկնեփուկներու միջեւ։ Այս երկուքը ետքը կրնան իրար ճզմելով ստեղծել հալած տուրմ[7]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Petkewich Rachel (2006)։ «What's that stuff? Marshmallow»։ Chemical & Engineering News 84 (16): 41։ doi:10.1021/cen-v084n011.p041։ արտագրուած է՝ 2008-02-10
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Rohde Eleanour Sinclair (1936)։ A Garden of Herbs։ Hale Cushman & Flint
- ↑ 3,0 3,1 The history of marshmallows Archived 2015-07-21 at the Wayback Machine. Candy USA!
- ↑ Terry Richardson, Geert Andersen, "Confectionery" in Ullmann's Encyclopedia of Industrial Chemistry 2005 Wiley-VCH, Weinheim. Կաղապար:DOI
- ↑ Bolitho Claire։ «47. Cook on a campfire»։ National Trust's South West Blog։ արտագրուած է՝ 2015-11-21
- ↑ History of Campfire Marshmallows. campfiremarshmallows.com
- ↑ s'more. Merriam-Webster Online Dictionary]
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- The Marshmallow Explained at HowStuffWorks.com