Մեթր, երկարութիւն չափելու միաւոր, Միջազգային Համակարգի հիմնական միաւորներուն մաս կը կազմէ, m նշանով (ֆրանսերէն՝ mètre):

Չափերու եւ Կշիռներու Միջազգային Կոմիտէ - BIPM

Մեթրը սահմանուած է պարապութեան մէջ լոյսի արագութեան թուային արժէքին վրայ, c նշուած (լատիներէն celeritas), երբ արտայայտուած է m s-1 ով: Այսպիսով, լոյսի արագութիւնը հաւասար է c = 299 792 458 m s–1: Հետեւաբար, Մեթրը երկարութեան չափաւոր է, որ կը համապատասխանէ պարապութեան մէջ լոյսի կատարած տարածքին 1/299 792 458-րդ երկվայրկեանուան ընթացքին:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Երկարութեան չափի բնօրինակ, ըստ միջազգային համակարգին

Խմբագրել
  •  
    Փլաթինում- ԻրիտիումՋրաչափերու միջազգային չափանիշ, որ կ'օգտագործուի 1889-էն 1960 թուականներուն:
    1889-ին Մեթր եւ Քիլոկրամ միջազգային նախատիպերը պատրաստուած են Լսնոսկիէ (Փլաթին, Pt նշանով քիմիական տարր, լատ. Platinum), համաձուլուած 10% (շուրջ 0,0001) Իրիտիում-ով (Ir նշանով քիմիական տարր, լատ.՝ Iridium)[1]
  • 1954-ին Մեթրը ընդունուած է իբրեւ հիմնական միաւոր:
  • 1960-ին Մեթրը սահմանուած է Քրիփթոն 86-ի ճառագայթման հիման վրայ (Kr նշանով քիմիական տարր, լատ.՝ Kryptonum, յուն․՝ κρυπτός)
  • 1983-ին Մեթրը սահմանուած է ըստ լոյսի արագութեան, նկատի ունենալով գիտութեան  եւ չափման միջոցներու յառաջընթացը, եւ լոյսի արագութեան արժէքը c = 299,792,458 m s-1 իբրեւ անփոփոխ հաստատուն (մասնաւորապէս աստղագիտութեան եւ երկրաբաշխութեան պէտքերուն համար):

Մեթրը իբրեւ երկարութեան չափաւոր, կը համապատասխանէ պարապութեան մէջ լոյսի կատարած տարածքին 1/299 792 458-րդ երկվայրկեանուան ընթացքին: Իսկ s (երկվայրկեանի միաւորը) ΔνCs վրայ սահմանուած ըլլալով, Մեթրը կախեալ կ'ըլլայ c եւ ΔνCs հիմնական հաստատուններէն:

 

 

 

  • Միաւորներու Միջազգային Համակարգի (ՄՀ) վերանայում իրականացուած է 20 Մայիս 2019-ին:

Այժմ, Մեթրի սահմանումը կապուած է լոյսի արագութեան ճշգրիտ արժէքին հետ, որ հիմնարար հաստատուն է:

Ֆրանսայի մէջ, Միջազգային Համակարգէն առաջ

Խմբագրել

Ֆրանսայի մէջ, 26 Մարտ 1791-ին, փիլիսոփայ, լուսաւորիչ եւ թուաբանագէտ Նիքոլա տը Քոնտոգրեթ (Nicolas de Condorcet) եւ Գիտութիւններու Կաճառի (ֆրանսերէն՝ Académie des Sciences) առաջարկութեամբ՝ երկիրի միջօրէականի քառորդ մասը կ'ընտրուի իբրեւ համընդհանուր եւ բնական երեւոյթ, քանի որ այս չափը «որեւէ կամայական կամ որեւէ ժողովուրդի իրավիճակի առանձնայատուկ բան չի պարունակեր»: Մեթրի ծնունդը, որուն երկարութիւնը կը սահմանուէր իբրեւ «հաւասար երկիրին միջօրէականի քառորդ մասին տասը միլիոներորդական մասով», պաշտօնական կը դառնայ 1 Օգոստոս 1793-ի հրամանագիրով, որ կը «սահմանէ Հանրապետութեան համար միատեսակութիւնը կշիռներու եւ չափերու վերաբերեալ»[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Comptes Rendus de la CGPM de 1889, BIPM, 1890.
  2. «Histoire du mètre | Métrologie»։ metrologie.entreprises.gouv.fr (Ֆրանսերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-05