ՄՀ հիմնական միաւորներ

Միջազգային Համակարգի (ՄՀ) հիմնական միաւորները եօթը ֆիզիքական հաստատուններու շարք մըն են, որոնց անփոփոխ արժէքներէն՝ արտայայտուած ՄՀ-ի միաւորներով, կարելի է եզրակացնել համակարգի բոլոր միաւորները: ՄՀ-ի որեւէ միաւոր կարելի է ածանցել այս եօթը հաստատուններէն սկսեալ, բազմապատկութեամբ կամ բաժանումի գործողութիւն կատարելով:

Կապեր ՄՀ-ի հիմնական միաւորներու միջեւ, իրենց սահմանող հաստատուններ եւ ֆիզիքական երեւոյթ. Վերէն սկսելով, ներսի շրջանակին վրայ,  ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ. երկվայրկեան (ΔνCs, s, ժամանակ), քիլոկրամ (հ, kg, զանգուած), մոլ (NA, mol, նիւթի քանակ), քանտելա (Kcd, cd, լոյսի սաստկութիւն), Քելվին (k, K, ջերմուժագիտական  ջերմաստիճան), Ամփեր (e, A, ելեկտրական հոսանք), եւ մեթր (c, m, երկարութիւն).

Հիմնական եօթը հաստատուններ

Խմբագրել

Հիմնական եօթը ֆիզիքական հաստատունները հետեւեալներն են[1]

  • Ցեզիումի (Cs քիմիական տարրը) ամենափոքր անցման յաճախականութիւն ΔνCs, այսինքն՝ 133Cs հիւլէի ուժանիւթային հիմնական վիճակի անցումը դէպի մօտ գտնուող մակարդակը
  • Լոյսի արագութիւնը պարապութեան մէջ c
  • Բլանքի հաստատուն h
  • Տարրական ելեկտրական լիցք e
  • Պոլցմանի հաստատուն k (երբեմն kB)
  • Ավոգադրոյի հաստատուն NA
  • Տուեալ միագոյն ճառագայթման (540 × 1012 Hz) լուսային արդիւնաւէտութիւն Kcd

ՄՀ-ի հիմնական միաւորները եւ ֆիզիքական երեւոյթներու հետ կապը

Խմբագրել
ֆիզիքական երեւոյթ ՄՀ-ի միաւոր Հիմնական միաւոր ՄՀ-ի նշանները (Ֆրանսերէն անուանում)
Ժամանակ երկվայրկեան s (seconde)
երկարութիւն մեթր m (mètre)
Զանգուած քիլոկրամ kg (kilogramme)
ելեկտրական հոսանք Ամփեր A (Ampère)
ջերմուժագիտական  ջերմաստիճան Քելվին K (Kelvin)
Նիւթի քանակ Մոլ mol (mole)
Լոյսի սաստկութիւն Քանտելա cd (candela)

ՄՀ-ի հիմնական եօթը ֆիզիքական հաստատուններու արժէքները միաւորներով[2]

Հաստատուն Թուային արժէք Միաւոր
ΔνCs 9 192 631 770 Hz
c 299 792 458 m s–1
H 6,626 070 15 x 10–34 J s
E 1,602 176 634 x 10–19 C
K 1,380 649 x 10–23 J K–1
NA 6,022 140 76 x 1023 mol–1
Kcd 683 lm W–1

ֆիզիքական երեւոյթի մը արժէքը կ՛արտայայտուի որպէս թիւի մը բազմապատկութիւնը միաւորի մը հետ: Ուրեմն, արժէքը քանակն է տուեալ միաւորի մը մէջ արտայայտուած: Օրինակ, պարապութեան մէջ, լոյսը կը յառաջանայ 299 792 458 m s–1 արագութեամբ, այսինքն իւրաքանչիւր երկվայրկեանուան ընթացքին լոյսը կը կատարէ 299 792 458 մեթր, մեթրը եւ երկվայրկեանը հիմնական միաւորները ըլլալով: Միաւորը փոխելով, պէտք է արժէքին թիւը ճշդել, օրինակ 1 երկվայրկեանուան ընթացքին լոյսը կը կատարէ 299 792.458  քիլոմեթր. թիւը կը փոխուի նայած միաւորին (1000 մեթր = 1 քիլոմեթր):

Եօթը հիմնական ՄՀ-ը սահմանող հաստատուններու աժէքը չունի անորոշութիւն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. A concise summary of the International System of Units, SI : «Le SI - BIPM»։ www.bipm.org։ արտագրուած է՝ 2023-02-14 
  2. «Constantes du SI - BIPM»։ www.bipm.org (fr-FR)։ արտագրուած է՝ 2023-02-13