Քիլոկրամ
Քիլոկրամ, նշանով kg, զանգուածի չափի միաւոր է, Միջազգային Համակարգի հիմնական եօթը միաւորներէն:
Քիլոկրամը սահմանուած է[1] ըստ Բլանքի հաստատման h, որ հաւասար է 6,626 070 15 × 10–34 երբ արտայայտուած kg m2 s–1 միաւորներով:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՍահմանում, ըստ Միջազգային Համակարգին
ԽմբագրելՔիլոկրամը սահմանուած է ըստ Բլանքի հաստատունին h, հաւասար 6,626 070 15 × 10–34 kg m2 s–1, ուր m մեթր միաւորի նշանն է, եւ s երկվայրկեանուան նշանն է: Այսպէս,
Միջազգային Հիմնական Միաւորներու չորս միաւորներ սահմանուած են քիլոկրամի հիման վրայ, ուրեմն քիլոկրամի հաստատուն սահմանումն ու արժէքը կարեւոր են:
Այսպէս, հնարաւորութիւն կը տրուի սահմանել kg m2 s−1 միաւորը, եւ «ազդեցութեան[2]» (ֆրանսերէն՝ Action) ու «անկիւնային միտաչափի» (ֆրանսերէն՝ Moment cinétique), անգլերէն՝ Angular momentum) միաւորները: Երկվայրկեանի եւ մեթրի սահմանումներուն հետ, զանգուածի միաւորը կ՛արտայայտուի ըստ Բլանքի h հաստատունին։
Քիլոկրամի նախորդ սահմանումը նախ կը ճշդէր թէ կշիռքի տիպարին արժէքը 1 քիլոկրամ էր (1889-էն սկսեալ, ըստ Չափերու եւ Կշիռներու Միջազգային Կոմիտէի առաջին (1889) եւ երրորդ (1901) ժողովներուն), ու անկէ կը հանէր Բլանքի հ միաւորի արժէքը, փորձական միջոցներով: Այժմեան սահմանումը, ճշգրիտ ձեւով կը հաստատէ քիլոկրամը եւ Բլանքի միաւորի թուային արժէքները, ու այլեւս կշիռքի տիպարին արժէքը փորձական ձեւով կը հաստատուի, չափման անորոշութիւններով:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «SI Brochure - BIPM»։ www.bipm.org։ արտագրուած է՝ 2023-05-08
- ↑ «Dictionnaire des Arts, des Sciences et des Lettres, P. Emanuel Dr. Kaciuni»։ nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2023-05-08, Dictionnaire des Arts, des Sciences et des Lettres, P. Emanuel Dr. Kaciuni։ St. Lazare, Venise, 1891, էջ 38