Մեղուի խայթուածք

Մեղուի խայթուածք, Մեղուի խայթուածքը կը յառաջացնէ մորթի կարմրութիւն, ուռեցք, քերւըտուք եւ ցաւ, իսկ խայթը կը ցցուի մորթի մակերեսէն դէպի դուրս[1]:

Նախազգուշացում եւ դարմանում

Խմբագրել

Խայթը կարելի է հանել քերթելով մորթը եղունգով եւ կամ մաքուր խաւաքարտով. բնաւ չգործածել նրբունելին` հանելու համար խայթը: Հանելէ ետք խայթը, լուալ վայրը օճառ-ջուրով: Մեղուի խայթուածքին ցաւը կը մեղմանայ` ծածկելով խայթուածքը պաղ ջուրով եւ կամ սառով:

Կարգ մը մեղուներու տեսակներ որոշ երկիրներու մէջ կը փոխանցեն ժահրային հիւանդութիւն մը, որ կը կոչուի West Nile Fever. Այս վայրերու մէջ գտնուողներ պէտք է հագնին երկար թեւով շապիկներ եւ երկար տափատներ ու պէտք է գործածեն միջատ վանող թրջոցներ: Պաշտպանուելու համար այս վտանգաւոր մեղուներէն` մայրամուտին պէտք է հեռու մնալ  պարտէզներէ, խոնաւ վայրերէ, ճահիճներէ եւ աղբերէ, ինչպէս նաեւ պէտք չէ գործածուին անուշահոտ-օճառներ, մազի ջրցօղ[2]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել