Մենելայոն, Սփարթի

Մենելայոն․ հնաբանական վայր, Սփարթի (կամ Սպարտա), Պելոպոնես, Յունաստան։ Կը գտնուի Սփարթի քաղաքէն 5 քլ․ հարաւ-արեւելք։ Բլուրներու համալիր մըն է (Հիւսիսային բլուր, Մենելայօ, Փրոֆիթիս Իլիաս եւ Այթոս)։ Հին անունը Թերափնի (Θεράπνη) եղած է։[1][2]

Յունաստանի հնաբանական վայր
Մենելայոն, Սփարթի
Μενελάειον Σπάρτης
Մենելայոն
Երկիր Յունաստան
Շրջան [[Պելոպոնես]]
Այլ անուանումներ Թերափնի
Անուանուած է Մենելայոս թագաւորին անունէն
Պաշտօնական կայքէջ odysseus.culture.gr/h/3/…

Ցած բլուրներով բերուկ հովիտը եւ մեղմ կլիման կը պահպանեն շրջանը, ուր կը գտնուի Միկինեան քաղաքակրթութեան ընթացքին զարգացած Մենելայոն բնակավայրը։[3][4]

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Անունը առած է Միկինեան քաղաքակրթութեան Մենելաոս թագաւորէն։ Ք․Ա․ 8-րդ դարուն եղած է սրբավայր, ուր կը պաշտուէին Մենելաոս եւ կինը՝ Էլենի։ Ք․Ա․ 7-րդ դարավերջին եւ 6-րդ դարասկիզբին նոյն վայրին մէջ կը կառուցուի տաճար մը։[5]

1833-ին Լուտվիհ Ռոս հնաբանը Մենելայոն կը ճանչնայ որպէս «Իրոօն»* (Ηρώον․ հին յունարէն՝ ἡρῷον, ἡρῷα իրոա-հերոս բառին յոգնակին)․ սրբավայր, ձօնուած հին յոյն կամ հռոմէացի հերոսի մը, անոր յիշատակումին եւ կամ պաշտամունքին համար։ Ընհանրապէս կը կառուցուէր անոր դամբանին կամ սնադամբանին վրայ։)։ Ան ԺԹ․ դարասկիզբին պեղումներ կը կատարէ եւ կը յայտնաբերէ լաքոնական (սպարտական) տիպի կապարէ ուխտանուէրի պատկերիկներ։[6]

Կարգաւ հնաբանական պեղումներ

Խմբագրել

1909-ին Աթէնքի Բրիտանական Դպրոցը կանոնաւոր հետազօտական պեղումներ կը կատարէ վայրին մէջ։ Հնաբանական պեղումները կը գլխաւորեն Ճոն Փերսիվալ Տրուփ, Մ․Ս․Թոմսոն եւ Ալան Ուէյս։ Իսկ 1910-ին՝ Ռիչարտ Մաքկիլիվրէյ Տոուքինս։ 60 տարի ետք, Բրիտանական Դպրոցը գլխաւորութեամբ դպրոցին տնօրէն Հեքթոր Քաթլինկի կրկին պեղումներ կը կատարէ։ 1980-ին պեղումները կը շարունակէ Ռիչարտ Քաթլինկ։

 
Մենելայոն սրբարանի աւերակները։ Նկարին ետեւը Թայիղեթոս լեռը, Լաքոնիա, Յունաստան

Յայտնաբերումներ

Խմբագրել

Կարգաւ հնաբանական պեղումները կը յայտնաբերեն․-

  • «Մեղարոն 1» (մեղարօ=մեծ դահլիճ)․ Գլխաւոր երկյարկանի շէնք մը հարաւային ուղղութեամբ եւ երեք օժանդակ կառոյցներ։ Կառուցուած է մօտաւորապէս Ք․Ա․1450-ին եւ կործանուած է հաւանաբար երկրաշարժի պատճառով։
  • «Մեղարոն 2»․ կառուցուած էր երկյարկանի գլխաւոր շէնքէն (Մեղարոն 1-էն) 10 մեթր անդին։
  • Մենելայոնի շրջակայ բլուրներուն Պղինձադարին պատկանող հնաբանական նիւթեր։
  • Արոյրէ արօրադարձ արձանագրութիւն մը․- «ΔΕΙΝΙΣ ΑΝΕΘEΚΕ [ΕΛΕΝΗΙ, ΣΥΖΥΓΟΝ] ΜΕΝΕΛΑΪ» (Ձօնուած բացառիկ Էլենիին, Մենելաոսին կնոջ)։ Արձանագրութիւնը կը հաստատէ Լուտվիհ Ռոս հնաբանին կարծիքը, թէ կառոյցը Իրոօն մըն է եւ ձօնուած է Մենելաոսին եւ Էլենիին։ Նոյն հնաբանական փոսին մէջ կը յայտնաբերուի Էլենիին ձօնուած ուրիշ ուխտանուէր մը (Ք․Ա․ 570) «ΕΛΕΝΗΙ» արձանագրութեամբ։
  • Աւազանի մը յատակը Մենելաոսին ձօնուած ուխտանուէր մը։
  • Ք․Ա․5-րդ դարու կրաքարէ կոթող մը, ուր կը գտնուէր արոյրէ պատկերիկ մը հետեւեալ արձանագրութեամբ «ΕΥΘΥΚΡEΝEΣ ΕΘEΚΕΝ ΜΕNΕΛΑΪ» (ուղիղ դատումով Մենելաոս
  • Մենելայոն բլուրին հարաւային լանջին Ք․Ա․13-րդ եւ 12-րդ դարերու պատկանող շինութեան մը պատերը եւ յատակը։

Խաւագրութիւն

Խմբագրել

Մենելայոն որպէս «Իրոօն» կը ներկայացնէ խաւագրական եւ ճարտարապետական տարբեր փուլեր․ Ք․Ա․ 8-րդ դար, Ք․Ա․ 6-րդ դար եւ դասական փուլ՝ Ք․Ա․ 5-րդ դար։[7][8]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել