Մեսրոպ Քհնյ. Պագամճեան

Մեսրոպ Քհնյ. Պագամճեան - Աւազանի անունով՝ Եղիա, որդի Սարգիսի, եղսայի ծնած է այնթապցի ծնողքէ, Այնթապի մէջ, 1890-ին։

Մեսրոպ Քհնյ. Պագամճեան
Ծնած է 1890
Ծննդավայր Այնթապ
Մահացած է 1954
Ազգութիւն ՀԱՅ
Կրօնք Քրիստոնեայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնթապի վարդարեան վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է 1905-ին։ Աղքատ ընտանիքի զաւակ ըլլալուն համար, ուսանած է իբրեւ «պաշտպանեալ» սան։

Վարդանեան վարժարանը աւարտելէ ետք, ապրուստը ապահովելու հրամայականը զինք նետած է կեանքի ազատ ասպարէզ, ուր քանի մը տարի վաճառականի մը քով աշխատելէ ետք, 1908-ին մտած է ուուցչական ասպարէզ եւ պաշտօնավարած՝ նախ Ազգ. Նէրսէսեան, ապա հայկազեան ու կրկին Ներսէսեան Վարժարաններէն ներս, պրն. Սարգիս Չիթճի Թօփալեան տեսչութեան օրով։

Երբ կիլիկեան ճեմարանը բացուած է 1913-ին, ան ընդունուած է իբրեւ երկրորդ կարգի ուսանող, շարունակելու համար իր ուսումը։

1915-ի մեծ եղեռնի, բազմահազար այնթապցի իր հայրենակիցներուն հետ, ինք եւս ապրած է այդ արհաւիրքը ու համտեսած անոր դառնութունները եւ տարագրութիւնները եւ տարագրուած է դէպի համա ու սելիմէ։ Այդ սեւ օրերուն կորսնցուցած է իր ծնոզքր, բայց ինք ազատուած ու վերադարձած է Այնթապ ու կարճ ժամանակ մր ետք, կրկին մտած է ուսուցչական ասպարէզ։

երբ Այնթապի մէջ բնականոն կեանքը վեբահաստատուած է, ան իր աշխատանքի խնայողութեամբ պատրաստուած է ամուսնութեան։

եղիա իբ կեանքի ընկերը ընտբած է բնիկ այնթապցի պրն. Նազարէթ Զէքիճեանի դուստրը՝ Մերումը, որուն հետ պսակուած է Այնթապի մէջ, 1920-ին։ Ունեցած է չոըս զաւակներ՝ Աարգիս, Ալիս, Անժէլ եւ Նազաը։

1922-ին, ան ընտանեօք տեղափոխուած է Հալէպ եւ տարի մը ուսուցչական պաշտօն վարած Ագապայի Հայկական որբանոցին մէջ։

Իսկ 1924-ին, երբ բացուած է Այնթապի Հայրենակցական Միութեան Կրթասիրաց Վարժարանը, ան իբբեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է այնտեղ, դասաւանդելով կրօն, Հայերէն լեզու եւ թուաբանութիւն։ Միաժամանակ ան դասատու եղած է Փօլատեան գիշերային վարժարանին մէջ, պրն. Արրահամ Աերայտարեանի տեսչութեան օրով։

Իր ուսուցչական ծառայութեան կողքին, հետաքրքրուած է նաեւ ազգային ու Հայրենակցական կեանքով։ Ան առաւելաբար ատենադպրութեան պաշտօն վարած է ժողովներուն եւ յանձնախումբերուն մէջ։ եղած է անդամ Հալէպի Ա. Խաչ եկեդեցւոյ Թաղականութեան, Մեսրոպեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ կրթասիրացի Գործադիր Ժողովին։

Ազգային, եկեղեցական ու կրթական կեանքին մէջ երկար տարիներու իր ծառայութիւնն է, որ ժամանակի ընթացքին իր մէջ արթնցուցած է եկեղեցական ըլլալու փափաքը ու պայմաններու բերումով, երբ կարիքը զգացուած է քահանայաթեան, ան առանց այլ եւ այլի իր թեկնածութիւնը ներկայացուցած է օրուան Առաջնորդին՝ ճեպէլ Մուսայի Վագրֆ գիւղին Համար։

Իր թեկնածութիւնը ընդունուելէ ետք, քահանայական ձեռնադրութիւնր տեղի ունեցած է Տ. Խադ Արք. Աջապահեանի ձեռամբ, Անտիոքի մէջ, 15 Նոյեմբեր 1934-ին, վերակոչուելով Տէր Մեսրոպ։

Պատրաստութեան քաոասնօրեայ շրջանը լրանալէ ետք, Առաջնորդ սրբազանին տնօրինութեամբ ան նշանակուած է հոգեւոր հովիւ Վագըֆ գիւղի հայութեան եւ ուսուցիչ՝ տեղւոյն ծխական վարժարանին։

Նոր եռանդով, ազգային ու կրթական նոր ծրագիրնեւրով լծուած է հովուական աշխատանքի, բայց տարի մը բոլորելէ ետք, առողջութիւնը խանգարուած ու աշխատանքի թափը կասած է։ Ան առողջական պատճառներով փոխադրուած է Լաթաքիա, ուր քանի մր տարի քահանայագործելէ ետք, տեղափոխուած է Աֆրին եւ հովւած՝ Աֆրինի հայ գաղութը։ Ւսկ 1944 –ին տեղափոխուած՝ ճարապլուս եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ ճարապլուսի, Մումպուճի ու Պապի հայոց եւ ուսուցիչ՝ տեղւոյն ծխական վարժարանին։

քանի մր տարի ճարապլուսի մէջ ծառայելէ ետք, մտադրած է Պէյրութ տեղափոխուիլ։ Ան իր արդարացի պատճառներով յաջողած է Առաջնորդին հաւանութիւնը առնել եւ այլ թեմ տեղափոխելու ու հաստատուելու ազատ վիճակի թուղթը ապահովել։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ Գարեգին Յովսէփեանց հայրապետի օրով, Տէր Մեսրոպ վերջնականապէս լքած է բերիոյ թեմը եւ ընտանեօք տեղափոխուած է Լիբանան, եւ նախապէս եղած կարգադրութեան մը համաձայն, հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Խալիլ Պետեւի թաղի Ա. Յարութիւն եկեղեցւոյ ու հոն քահանայագործած է մինչեւ իր վախճանումը։

Ան հրաժեշտ կու տայ աշխարհին եւ յաւիտենական հանգիստը կր գտնէ 1954-ին։

Մարմինր կ'ամփոփուի Պէյրութի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։

Նկարագրի Ուշագրաւ Յատկանիշներ

Խմբագրել

Ա.– դաստիարակութեան նուիրում.

Խմբագրել

Իր նկարագրային ուշագրաւ գիծերէն մէկն է եղած ուսուցանելու եւ դաստիարակելու կարողութիւնը։ Ուսուցչութեան կոչումն է, որ զինք առաջնորդած է դէպի կրթական կեանք՝ նուիրուելու համար սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան գործին։ Թէեւ աոժամաբար փորձած է շուկայի կեանքը, բայց ձախողած է, որովհետեւ իր խաոնուածքին ու նկարագրին խորթ եղած է ազատ ասպարէզը։

Բ.– Ազգասիրութիւն

Խմբագրել

Իր մէջ կրօնականէն աւելի զօրաւոր եղած է ազգային գիծը։ Պատանեկութեան տարիքը թեւակոխելէ ետք, իր Հետաքրքրութեան աշխարհը եղած է ազգային կեանքը։ Այդ իսկ պատճառով ան մօտ եղածէ հայրենակցական միութեան ու ազգային կեանքին նուիրուած մարդոց, որոնց հետ շփման մէջ մտնելով, իր մէջ ձեւաւորուած է ազգային մարդը եւ զօրացած է ազգային պատկանելիութեան զգացումը։ Իսկ կրթական կեանքին մէջ մտնելէ ետք եղած է գործունեայ ազգային մը։