Մերսէնի թիւ
Մերսէնի թիւ՝ պարզ թիւ մըն է, որ մեկով պակաս է երկուքի աստիճանէն: Ունի Mn=2n−1 թուագիտական տեսքը, ուր n-ը որեւէ ամբողջ թիւ է: Կոչուած են 17րդ դարուն ատոնք ուսումնասիրած ֆրանսացի վանական Մարէն Մերսէնի (ֆրանսերէն՝ Marin Mersenne) անունով:
n-ի A000043 2, 3, 5, 7, 13, 17, 19, 31, ... արժէքներու պարագային ստացուող Մերսէնի թիւերն են A000668 3, 7, 31, 127, 8191, 131071, 524287, 2147483647, ... Վերջին անգամ Մերսէնի թիւ գտնուած է Դեկտեմբեր 2017-ին: Ամենամեծ յայտնի պարզ թիւը Մերսէնի պարզ թիւ է[1] 1997-էն բոլոր նոր Մերսէնի թիւերը գտնուած են համացանցի բաշխուած հաշուարկումներու Մեծ Համացանցային Մերսէնի Պարզ Թիւերու Որոնում (անգլերէն՝ Great Internet Mersenne Prime Search (GIMPS)} նախագիծով:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «GIMPS Project Discovers Largest Known Prime Number: 277,232,917-1»։ Mersenne Research, Inc.։ 3 January 2018։ արտագրուած է՝ 3 January 2018