Մինաս Գաբամաճեան

Մինաս Գաբամաճեան (1842, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1892), հայ մանկավարժ եւ խմբագիր։

Մինաս Գաբամաճեան
Ծնած է 1842
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1892
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, ուսուցիչ

Ծնած է Կ. Պոլիս, ուր ստացած է կրթութիւնը, նուիրուած է ուսուցչութեան։ Մանկավարժութեան զուգընթաց զբաղած է գրականութեամբ եւ հրապարակախօսութեամբ։

1863-ին հրատարակած է «Զեփիւռ հայրենեաց» կիսամեայ հանդէսը[1], 1870-ին՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթը, 1877-ին՝ «Ապագայ» օրաթերթը[2], իսկ 1879-ի Սեպտեմբերէն «Լոյս» շաբաթաթերթը[3][4], իբրեւ խմբագիր հրաւիրելով Յակոբ Պարոնեանը։

Հրատարակած է քանի մը դասագիրքեր, ինչպէս՝

  • «Պատմութիւն հայ ազգին» (1879),
  • «Նոր դասագիրք հայոց պատմութեան»,
  • «Պատկերազարդ սուրբ գրոց պատմութիւն» եւ այլն։

Մահէնմի քանի մը տարի առաջ կարճ ժամանակով դարձեալ դիմած է խմբագրական աշխատանքին, հրատարակելով «Ծաղիկ» հանդէսը[5]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Վիեննայի մենաստանին մամուլին շտեմարանը- ԶԵՓԻՒՌ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-22 
  2. «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԱՊԱԳԱՅ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-13 
  3. «Վիեննայի մենաստանին մամուլին շտեմարանը- ԼՈՅՍ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-26 
  4. «Համահայկական թվանշային գրադարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-12-26-ին։ արտագրուած է՝ 2022-12-26 
  5. Գառնիկ Ստեփանեան (1973)։ Կենսագրական բառարան, Ա․ հատոր։ Երեւան: «Հայաստան»։ էջ 209։