Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ֆրանսախօս Պաշտօնեաներու Համագումար
Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ֆրանսախոս Պաշտօնեաներու Համագումար (ֆր.՝ Assemblée des Francophones Fonctionnaires des Organisations Internationales, AFFOI), ֆրանսերէն խօսող միջազգային քաղաքացիական ծառայողներու համաշխարհային ցանց:
Համագումարը ձեւաւորուած է 2007-ին Հաակի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ներկայացուցիչներու կողմէ[1]՝ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան (ICJ), Միջազգային Քրէական Դատարան (ICC), Քիմիական Զէնքի Արգիլման Կազմակերպութիւն (OPCW), Եւրոպական Տիեզերական Գործակալութիւն (ESA), Եւրոփոլ եւ Eurojust կազմակերպութիւններուն կողմէ։ Ներկայիս Հանրագումարին միացած են 57 միջազգային կազմակերպութիւններ:
ՄԿՖՊՀ նպատակն է միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութեան մէջ պաշտպանել լեզուական, մշակութային եւ հայեցակարգային բազմազանութիւնը[2]:
ՄԿՖՊՀ գրասենեակներ ունի Հաակի, Նիւ Եորքի, Ուաշինկթոնի, Ժընեւի, Լիւքսեմպուրկի, Պրիւքսէլի եւ Ատիս Ապապայի մէջ: Կազմակերպութեան գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Հաակ, Հոլանտա:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄիջազգային Կազմակերպութիւններու Ֆրանկոֆոն Պաշտօնեաներու Համագումարի կանոնակարգը ստորագրուած է 21 Մարտ 2007-ին Միջազգային Քրէական Դատարանի դատաւոր Պրունօ Քոթթէի, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի դատաւոր Ռոննի Աբրահամի, Քիմիական Զէնքի Արգիլման Կազմակերպութեան տնօրէն Փաթրիս Պլանքի, Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ֆրանկոֆոն Պաշտօնեաներու Համագումարի նախագահ Տոմինիկ Հոպէնի, Եւրոփոլի տնօրէն Միշէլ Քիյէնի, Eurojustի գլխաւոր դատախազ Ժերար Լուպենսի եւ ESA-ի գլխաւոր քարտուղար Ժան Ժագ Տորտէնի կողմէ:
Ծանօթագրութիւններ
- ↑ «Conference at United Nations»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-11-09-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-13.
- ↑ «La voix de la diversité».
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Lua error in Մոդուլ:Official_website at line 103: attempt to call upvalue 'makeUrl' (a nil value).
- Francophonia's official website
- Association internationale des maires francophones
- Association internationale des parlementaires francophones