Միջազգային Ցուցահանդէս

Միջազգային ցուցահանդէսը տեղի կ'ունենայ հինգ տարին անգամ մը: Անիկա հանդիպման մեծ վայր մըն է, ուր բոլոր ցամաքամասերէն մարդիկ կը հանդիպին: Միջազգային առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Լոնտոնի մէջ, Անգլիա, 1851-ին:

1889-ին, Միջազգային ցուցահանդէսը Փարիզի մէջ

Նպատակը

Խմբագրել

Ամէն անգամ տարբեր երկրի մը մէջ տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսը առիթ է մասնակցող երկիրներուն ներկայացնելու ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ նորութիւնները, ծախելու իրենց գիւտերը, ցուցադրելու իրենց ճարտարարուեստին հզօրութիւնը:

Կազմակերպող երկիրին համար այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է զբօսաշրջութեան իր մարզը զարգացնելու կարճ ժամանակի մէջ, ինչպէս նաեւ` մեծ շինարարական աշխատանքներ կազմակերպելու համար: Սակայն այս ցուցահանդէսները վաղանցուկ են եւ կը տեւեն միայն 6 ամիս[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել