Միջին ֆրանսերէն

Միջին ֆրանսերէն (ֆրle moyen français), ֆրանսերէնի պատմական բաժին, որ կ՛ընդգրկէ 14-րդ դարէն մինչեւ 17-րդ դարու առաջին տարիները[1]։ Անցումային շրջան, որուն ընթացքին․

  • ֆրանսերէնը յստակ կը տարբերուէր մրցակից Օիլի լեզուներէն, որոնք երբեմն կը ներառուէին հին ֆրանսերէնի հասկացութեան մէջ (l’ancien français)
  • ֆրանսերէնը լատիներէնի, օքսիտաներէնի եւ Օիլի լեզուներուն փոխարէն դարձաւ ֆրանսական թագաւորութեան պաշտօնական լեզուն։
  • ֆրանսերէնի գրական զարգացումը կը նախապատրաստէր դասական ֆրանսերէնի բառապաշարն ու քերականութիւնը (le français classique), որով խօսած են 17-18-րդ դարերուն։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Միջին ֆրանսերէնի ամենակարեւոր փոփոխութիւնը գոյականի հոլովական համակարգին ամբողջական անհետացումն է։ Ուղղական հոլովը չէր տարբերեր անուղղակի (թեք) հոլովէն, եւ յոգնակիները կը նշուէին պարզապէս «s»ով։ Այս փոփոխութիւնը կը պահանջէ նախադասութեան մէջ բառերու հերթականութեան համապատասխանեցում, որ քիչ թէ շատ դարձաւ ժամանակակից ֆրանսերէնի շարահիւսութիւնը[2]։

Ազնուականներու եւ առանձնաշնորհեալներու համար լատիներէնը կը շարունակէր մնալ կրթութեան, կառավարման եւ պաշտօնակալութեան լեզուն։ Այս իրավիճակը փոխուեցաւ 1539-ին Վիլլերս-Կոտտերցայի կանոնադրութեամբ, որուն միջոցով Ֆրանսիս Ա.ը ֆրանսերէնը հռչակեց իրաւական գործերու լեզու։ Ֆրանսայի հարաւը կը գերակշռէին Օքսիտանական լեզուները, կեդրոնը եւ արեւելքը՝ Ֆրանքօ-Պրովանսեան լեզուները, Ֆրանսայի հիւսիսը բացի ֆրանսերէնէն դեռ կը շարունակուէր խօսուիլ Օիլի լեզուներով։

Դասական բնագիրներու հմայքը յանգեցաւ լատիներէնէն եւ յունարէնէն բազմաթիւ փոխառութիւններու։ Աւելցուեցան լատիներէն արմատներ ունեցող նորաբանութիւններ եւ որոշ գիտնականներ փոխեցին ֆրանսերէն բառերու ուղղագրութիւնը՝ երբեմն սխալմամբ զանոնք համապատասխանեցին իրենց լատինական արմատներու ուղղագրութեան։ Այս յաճախ կը յանգէր բառին ուղղագրական եւ արտասանութեան արմատական տարբերութիւններուն[3]։

Իտալիոյ մէջ ֆրանսական պատերազմներն ու ֆրանսական դատարանին մէջ իտալացիներու ներկայութիւնը պատճառ դարձան ֆրանսերէնի մէջ իտալական մշակոյթի ներազդեցութեան։ Ռազմական (alarme, cavalier, espion, infanterie, camp, canon, soldat) եւ գեղարուեստական (յատկապէս ճարտարապետական՝ arcade, architrave, balcon, corridor) որոշ բառեր փոխառուած են իտալերէնէն[4]։ Այս միտումները կը շարունակուէին դասական ֆրանսերէնին մէջ եւս։

Որոշ բառեր փոխառութիւն են սպաներէնէ (casque), գերմաներէնէ (reître) եւ բնիկ ամերիկացիներու լեզուներէն (cacao, hamac, maïs)։ Հռոմէական ծագմամբ որոշ բառեր արդէն կը համարուին ֆրանսական ծագումով բառեր, քանի որ անոնք փոխանցուած են պատերազմներու եւ առեւտրական շփումներու միջոցով։

Բացի այդ, հին ֆրանսերէնէն շատ բառերու իմաստներն ու օգտագործումը վերափոխուած են։

Այս շրջանին բառերու ուղղագրութիւնը եւ նախադասութիւններուն կէտադրութիւնը չափազանց կը տարբերէին հին ֆրանսերէնէն։ 1470-ին տպագրութեան մէջ կարեւորութիւն տրուեցաւ ուղղագրութեան բարեփոխումներուն։ Բարեփոխում առաջարկողներէն մէկը Ժագ Փելեթիէր տիու Մանսն էր, որ մշակած է հնչիւնական ուղղագրութեան համակարգ եւ ներկայացուցած նոր տպագրական նշաններ (1550)։ Սակայն այս քայլը չէ թոյլատրուած։

Այս շրջանին առաջին անգամ հրատարակուած է ֆրանսերէնի քերականութիւնն ու բառարանագէտ Ռոպերտ Էստիէննի ֆրանսերէն-լատիներէն բառարանը (1539 թ.)։

Նշումներ

Խմբագրել
  1. Larousse, v.
  2. Larousse, xxvi.
  3. Larousse, vi, xiii-xiv, xvii; Bonnard, pp. 113–114.
  4. Wartburg, p. 160; Bonnard, p. 114.

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Larousse dictionnaire du moyen français. Paris: Larousse, 1992.
  • H. Bonnard. Notions de style, de versificiation et d'histoire de la langue française. Paris: SUDEL, 1953.
  • W. von Wartburg. Évolution et structure de la langue française. Berne (Switzerland): Francke A.G., 1946.

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել