Միջողնոսկրային Սալի Ճողուածք
Ողնոսկրերու հաստատուն մարմիններուն միջեւ կը գտնուին յատուկ բոլորակաձեւ սալեր (discs), որոնք կը պաշտպանեն ողնոսկրերը հարուածներէ եւ ողնայարին կու տան շարժումի որոշ ազատութիւն: Ողնոսկրերը իրարու կապուած են աճառային (cartilaginous) յօդերով, մկաններով, մկանային լարերով եւ մաշկային հիւսուածքներով: Ողնայարը կը գործէ որպէս յենարան եւ կը շալկէ ամբողջ իրանը ուղղաձիգ վիճակի մէջ:
Ողնայարը
ԽմբագրելՈղնայարը կազմուած է 33 ողնոսկրերէ (vertebra), որոնցմէ առաջին 7ն կը կոչուին պարանոցային-վիզի (cervical) ողնոսկրեր, ասոնց կը յաջորդեն 12 լանջային (thoracic) ողնոսկրերը, 5 գօտկային կամ մէջքի (lumbar) ողնոսկրերը, 5 սրբանային (sacral) ողնոսկրերը եւ 4 պոչային (coccygeal) ողնոսկրերը: Ընդհանրապէս սր-բանային եւ պոչային ողնոսկրերը առանձնաբար միաձուլուած կ'ըլլան եւ կը ներկայանան որպէս երկու ամբողջութիւններ: Մէջքի 5 ողնոսկրերէն վերջինը յաճախ միաձուլուած կ'ըլլայ սրբանային առաջին ողնոսկրին հետ: Իւրաքանչիւր ողնոսկր կազմուած է հաստատուն մարմինէ մը, կեդրոնական մեծ բացուածքէ մը եւ կողմնակի ցցուն ոսկրային թեւերէ: Ողնոսկրերու կեդրոնական շարունակական բացուածքները կը կազմեն երկար խողովակ մը ողնայարին ամբողջ երկարութեան, իսկ ոսկրային կողմնակի թեւերու շարունակականութիւնը կը ստեղծէ ողնոսկրային կողմնակի պզտիկ ծակտիկներ: Ողնածուծը (spinal cord), որ շարունակութիւնն է ուղեղին, զետեղուած է ողնայարի կեդրոնական խողովակին մէջ։ Ողնայարի կողմնակի ծակտիկներէն դուրս կու գան ողնածուծի 30 ջիղերը, որոնք կը տարածուին դէպի մարմինին բոլոր մասերը: Այս ջիղերէն 8 հատը կը կոչուին պարանոցային ջիղեր, 12 հատը՝ լանջային ջիղեր, 5 հատը՝ գօտկային-մէջքի ջիղեր եւ 5 հատը՝ սրբանային ջիղեր:
Յաւելեալ
ԽմբագրելՈղնայարի երկու ողնոսկրերուն միջեւ գտնուող աճառային սալը կազմուած է արտաքին օղակաձեւ թելաւոր հիւսուածքէ (annular fibrosis) եւ ներքին-կորիզային կակղանէ (nucleus pulposis): Հարուածային կամ ոչ-հարուածային հիւծիչ փոփոխութիւններ (degeneration) տեղի կ'ունենան ներքին-կորիզային բաժինին մէջ։ Այս փոփոխութիւններուն որպէս հետեւանք, տեղի կ'ունենան երկու անբնական երեւոյթներ՝ սալին ներքին կորիզային բաժինը կ'արտացցուի (protrude) եւ կամ կը ճեղքուի եւ հետեւաբար դուրս կ'ելլէ արտաքին օղակաձեւ թելաւոր հիւսուածքէն: Այս առաւելաբար կը պատահի գօտկա-սրբանային (lumbosacral) եւ պարանոցային ողնոսկրերուն մէջ։ Սալի ներքին բաժինը կը տեղադրուի (displaced) դէպի ետկողմ (posterolateral) կամ ետեւ ու ճնշում կը բանեցնէ հոն գտնուող ջիղերուն վրայ։ Դէպի ետեւ ըլլալու պարագային կը ճնշէ ողնածուծին վրայ: Գօտկային սալաթափութեան 80 տոկոսը կը պատահի հինգերորդ գօտկային ողնոսկրին եւ կամ առաջին սրբանային ողնոսկրին մէջ: Միջողնոսկրային սալաթափութիւնը յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է, որ երբեմն կը մնայ առանց ախտանշանի: Այս հիւանդութեան ախտանշանները կը յայտնուին, երբ սալը կը ճնշէ ողնածուծէն դուրս ելլող ջիղերուն վրայ։ Սալաթափութեան յաճախակի ախտանշաններն են՝ ելեկտրանման ցաւ, թմրութիւն, թռթրացումի անբնական զգացում-ասղնտոց (tingling) եւ մկանային տկարութիւն սրունքի որոշ բաժիններուն մէջ:
Ախտանշաններ
ԽմբագրելԱխտանշաններու զօրութիւնը կախեալ է տեղադրուած սալի յառաջացուցած ջիղերու ճնշումէն: Միզապահութիւն (urinary retention) եւ անպահութիւն (incon-tenance) կը յառաջանայ, երբ ողնածուծի վերջին բաժինը ճնշուի: Այս ճնշումին հետեւանքով միզապարկի մկանային սեղմիչ օղակի (sphincter) գործունէութիւնը կը խանգարուի, եւ տեղի կ'ունենայ միզապահութիւն կամ անպահութիւն: Սալաթափութեան յառաջացուցած սրնքային ցաւը միակողմանի է, երբ սալաթափութիւնը դէպի մէկ կողմ է: Ցաւը երկկողմանի է, երբ սալաթափութիւնը դէպի կեդրոն է: Պարանոցային սալաթափութեան պարագային տեղի կ'ունենայ արմուկներու ցաւ, որ կը յառաջանայ գլխու դէպի վար, աջ ու ձախ շարժումով:
Սալաթափութեան ախտապատճառներն են.
- Միջողնոսկրային սալի տեղադրում դէպի առջեւ, աջ կամ ձախ, որ կը պատահի առջեւ ծռելով եւ ծանր իրեր շալկելու ընթացքին.
- Միջողնոսկրային սալի առաձգականութեան եւ փափկութեան կորուստ ծերութեան պատճառով: Այս պարագային սալը կը վերածուի կարծր հիւսուածքի մը, որ հակամէտ կ'ըլլայ ճեղքուելու նուազագոյն հարուածով մը.
- Ողնայարի անմիջական հարուած-վնաս։
Սալաթափութեան ախտաճանաչումը կ'իրականանայ կատարելով՝
- Ողնայարի համակարգչային շերտագրական նկարահանում (CT Scan).
- Ողնայարի մագնիսարձագանգային նկարահանում (MRI)։
Սրունքներու եւ բազուկներու մկաններու համակարգչային նկարահանումը (muscle Scan) եւ մկանանկարահանումը (myelography) կ'օգնեն ախտաճանաչումին: Սալաթափութենէ տառապող հիւանդներուն 90 տոկոսը 3 ամիսներու ընթացքին կը վերադառնայ բնականոն վիճակի՝ առանց վիրաբուժական միջամտութեան: Միջողնոսկրային սալաթափութիւնը կը դարմանուի զանազան դարմանամիջոցներով: Պարզ եւ թեթեւ պարագաներուն, ցաւաբեկ դեղեր եւ ժամանակաւոր մարմնական-ֆիզիքական հանգիստ որոշապէս կ'օգնեն: Սառով պաղ թրջոց առաջին օրերուն եւ տաք թրջոց յետագային՝ յանձնարարելի է: Երկար ժամանակ անկողինի մէջ հանգիստը եւ անշարժութիւնը յանձնարարելի չեն: Իսկ ծանր աշխատանքը վնասակար է ցաւի անյայտացումէն ետք: Անկողինը պէտք է ըլլայ կարծր: Վիրաբուժական միջոցառումը՝ սալահատում (diskectomy) եւ ողնուղեղի թիթեղահատում (laminectomy) կը դառնան պարտաւորիչ յառաջացած պարագաներուն, երբ ցաւը եւ մկանային թմրութիւնը ուժգին են: Կան դարմանումի այլ միջոցներ, օրինակի համար՝ ջղախցում-ջիղի անանցանելիութիւն (nerve block) որոշ զգայազրկիչ դեղերով եւ ողնածուծի քորթիզոնով ներարակում: Սալահատում կը կատարուի նաեւ ողնայարի ուժգին եւ արագ ջրացայտումով (hydrodiskectomy with spinal water jet): Այս դարմանամիջոցը նոր է եւ ունի որոշ առաւելութիններ: Անիկա կը կատարուի տեղական զգայազրկումով, մորթին վրայ պզտիկ ճեղք մը բանալով, առանց ոսկրահատումի եւ մկանահատումի: Ամբողջ գործողութիւնը կը տեւէ 20-30 վայրկեան: æրացայտումէն քանի մը ժամ ետք հիւանդը կը վերադառնայ տուն: Ապաքինման ժամանակամիջոցը կարճ է, եւ ենթական գործի կը վերադառնայ շուտով: Այս դարմանամիջոցը կը կիրարկուի անոնց, որոնք միայն սալաթափութիւն ունին՝ առանց ողնածուծային ճնշումի, դեղերով եւ 4-5 շաբաթ հանգիստ ընելով չեն բարելաւուած ու ողնածուծի խողովակի նեղացում չունին: Ներողնոսկրային սալի ջրացայտումէն ետք հիւանդը պէտք չէ ժամերով նստած մնայ, ծռի դէպի առջեւ եւ ոլորուի աջ կամ ձախ (twist):