Միտք (թերթ)
«Միտք», ազգային, հասարակական, գրական եւ քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1912—1917 թուականներուն, Թաւրիզի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Ա․ Տէր-Վարդանեան։ Ներկայացուցած է իրանահայ գաղութի ներքին կեանքը։ Անդրադարձած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագրին, ծանօթացուցած պատմութեան։ Հասարակական-քաղաքական բնոյթի յօդուածներու մէկ մասը տպագրած է ռուսերէն։ Շաբաթաթերթի գրական բաժնին մէջ տեղ գտած են իրանահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները, գրախօսականներ, լուրեր մշակութային կեանքէն։ Ունեցած է նաեւ յաւելուած։