Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան

Տ.Միւրոն Քհնյ. Աւետիսեան, Աւազանի անունով Տիգրան՝ որդի Աւետիսի եւ Սիլվայի, ծնւսծ է Հալէպ, սասունցի ծնողքէ 1986-ին։

Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան
Ծնած է 1986
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մասնագիտութիւն քահանայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնր ստացած է Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1998-ին։ Իր հօր կրօնաշունչ, եկեղեցասէր ու աղօթանուէր կեանքը մեծապէս ազդած է իր նկարագրի կազմաւորման վրայ եւ բուռն փափաք ունեցած է դպրեվանքէն ներս իր ուսումը շարունակելու եւ ապագային հոգեւորական ղառնալու համար։

1998-1999 ուսումնական տարեշրջանին ան դպրեվանք կ'ընդունուի որպէս սան։ Գերպ. Տ. Շահան Ծ. Վրդ. Սարգիսանի եւ Հոգշ, Տ. Պարթեւ Վրղ. Կիւլիւմեանի տեսչութեան օրերուն, կր վայելէ անոնց ստեղծած հոգեմտաւոր արժէքներով դաստիարակուելու խնամքն ու հոգածութիւնը։ Անոնց հետեւողական հսկողութեան ներքեւ, կ'աւարտէ դպրեվանքի ժաոանգաւորաց եւ ընծայարանի բաժիններր եւ իր ազատ կամքով կ'որոշէ ամուսնացեալ քահանայութեան ճամբով նուիրուիլ եկեղեցական, ազգային ու կրթական կեանքին։ Իր ուսման համապատասխան վկայականր առնելէ ետք, կր վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Հալէպ, դժբախտաբար կորսնցուցած էր իր հայրն ու մեծ մայրր։ Մինչեւ քահանայական ձեոնադրութեան ժամանակաղրջանը, Բերիոյ Թեմի Աոաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի հայրական տնօրինութեամբ, կր նշանակուի քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի գործավար եւ կ'աշխատակցի Բերիոյ Թեմի «Գանձասար» շարաթաթերթին, մաս կազմելով խմբագրական կազմին։ Աոաւել՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր որոշումով, կրօնի ուսուցիչ կը նշանակուի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի միջնակարգի ութերորդ դասարանի։ Ան մաս կազմլով Թեմիս վարչական կեանքին, անդամ ու ատենադպիր նշանակուած է Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Խորհուրդին։ Մասնակցած է միջ-եկեղեցական հանդիպումներու եւ անդամ եդած է թեմիս «Օշական» կիրակնօրեայ լրատուին։

Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Քէյվանեան Յակոբի եւ Պերճուհիի դուստրը՝ Սպիտակը, որուն հետ կր պսակուի 28 Հոկտեմբեր 2006-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, գյխաւորութեամբ Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի եւ մասնակցութեամբ Հալէպի քահանայից դասուն։ Ի պատասխան իր դիմումնագրին, ան հրաւէր կր ստանայ Գանատայի Հայոց Թեմին մէջ քահանայագործելու։ Բայց պետական դժուարութիւններու պատճառով անկարելի կ'ըլլայ Գանատա փոխադրուիլ։ Հետեւաբար, ազատ կացուցման թուղթ կր ստանայ տուեալ թեմէն, երբ կր յղէ իր հրաժարականը Գանատայի Առաջնորդին։ 2007-ին, Բերիոյ Թեմի Աոաջնորդ Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանին եւ Կրօնական ժողովին կր ներկայացնէ իր դիմումնագիր նամակը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմին մէջ քահանայագործելու։ Երր նամակր կ'ընդունուի, կ'որոշուին ձեոնադրութեան թուականն ու պաշտօնավարութեան եկեղեցին։ Իր քահանայական ձեոնադրութիւնն ու օծումր տեղի կ'ունենան ձեոամբ Բերիոյ Թեմի Աոաջնորդ՝ Տ. Շահան Ա. Եպս. Սարգիսեանի ու խարտաւիլակութեամր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Արապաթլեանի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 25 Նոյեմբեր 2006-ին, վերակոչուելով Տ. Միւռոն։ Քահանայութեան քաոասնօրեայ շրջանը կ'անցընէ Ս. Քաոասնից Մանկանց մայր եկեղեցոյ շրջափակին յարակից սենեակին մկջ։ Թեմիս Աոաջնորդ Սրրազան Հայրը նորրնծայ Տ. Միւռոնը կը նշանակէ այցելու հոգեւոր հովիւ Ռագգայի հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Սրբազան հօր տնօրինութեամբ կր հաստատուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, քահանայագործելու համար Տ. Մաշտոց եւ Տ. Հայկազ քահանայ հայրերուն հետ։ Ան իր հովուական կեանքին առընթեր կր վարէ վարչական պաշտօններ։ Սկզբնական շրջանին ատենապետ կր նշանակուի Ս. Գիրքի սերտողութեան յանձնախումբին։ Ան անդամ կ'ըլլայ նաեւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան խորհուրդին։ Պատասխանատու կր նշանակուի աոաջնորդարանի հրատարակած կրօնական գրեթէ բոլոր գիրքերու սրբագրութեան։

Հալէպի Համտանիէի շրջանի համաքրիստոնէական Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ պատասխանատու կր նշանակաի։

2009-ին անդամ կ'ընտրուի Թեմիս կրօնական Ժողովին։ Ան կրօն կր դասաւանդէ Ազգ.Քարէն Եփփէ ճեմարանի ութերորդ կարգին եւ Կրթասիրաց - Գ. Չէմպէրճեան երկրորդականին, առաւել 12-րդ կարգի ուսանողութեան՝ միայն հայերէն լեզու։ Մաս կր կազմէ կրօնի դասագիրքի պատրաստութեան յանձնախումբին եւ կր շարունակէ իր աշխատանքը մինչեւ Քեսապ փոխադրուիլը։ Շուրջ երեք տարիներ պատասխանատու էր դպրեվանքի նոր սաներ արձանագրելու գործին։

Ունի գրական հետաքրքրութիւն եւ մօտ եղած է հայ գիրին ու գիրքին։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, 2010 Հոկտեմրերին կր փոխադրուի Քեսապ, հոգեւոր հովիւ նշանակուելով Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ծխական ժողովուրդին։ Ինչպէս նաեւ կրօն եւ հայերէն լեզու կր դասաւանդէ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Երկրորդական ճեմարանէն ներս։ Երիտասարդ ուժ մրն է Բերիոյ Թեմի քահանայից դասուն մէջ, բայց ունի երկար ճանապարհ հայ եկեղեցւոյ ծաոայութեան բնագաւառին մէջ[1]։

Այժմ կը գտնուի Սիտնի եւ հոն կը քահանայագործէ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 407։