Արապեան Միքիաս, (1876, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1960), վիպասան, որդի գնդապետ բժ. Աղեքսանդրի, ատեն մը իբրեւ առեւտրական Մանչէսթր բնակելէ ետք Լոնտոն կը հաստատուի եւ գրականութեան կը նուիրուի:

Միքիաս Արապեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Շ. Շավարշ
Ծնած է 1876
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1960
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն թատերագիր, արձակագիր

Պէրպէրեանի այս շրջանաւարտը 1895-ին երբ առաջին անգամ Անգլիա ոտք կը կոխէ՝ տեղւոյն լեզուն չէր գիտեր: Յամառ ընթերցող եւ գեղարուեստասէր մ’ըլլալով սակայն՝ շուտով կը տիրանայ անգլիերէնի եւ առանց բոլորովին հեռու ապրելու հայ իրականութենէն, կրցած է մուտք գործել անգլիական գրական շրջանակներէ ներս:

Արապեան արդէն իսկ իր գործերէն երկու թատերգութիւններ կը բեմադրէ Լոնտոնի եւ Մանչէսդրի մէջ, 1920-ին երիտասարդ հեղինակը տարուած օրուան մարդու խաղաղասիրական երազներէն, հրատարակած է «Yeraz» անունով այլաբանութիւն մը (allegorie), ուր կը նկարագրէ Ուիլսընեան բարեմիտ իտէալները իրականացուցած մարդկութեան մը վիջակը:

Այնուհետեւ իր անունը կը տեսնուի Լոնտոնեան շաբաթաթերթերու մէջ, ստորագրելով սիրուն նորավեպէր եւ կարճ նկարագրութիւններ:

Մ. Արապեան հրատարակած է նաեւ անգլիական կեանքէ առնուած վէպ մը: Նիւթըն է իր ամուսինին անարժէք եւ ստորին արարած մը ըլլալը գիտնելով հանդերձ զինքը սիրող կնոջ մը իր զգացած սէրը խեղդելու եւ անկէց կարենալ ազատելու համար ըրած ջանքերը: Այս նիւթը առիթ տուած է հեղինակին Լոնտոնի յետ-պատերազմեան կեանքէն պատկեր եւ տիպարներ ուրուագծելու:

Գիրքը (Laykin) 1926-ին հրատարակուեցաւ ու այդ առթիւ անգլիական մամուլը, մասնաւորաբար Թայմզ գրախօսականներ նուիրեցին, գնահատելով հայ երիտասարդ վիպասանին տաղանդը:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 258: