Մկրտիչ Էժտահարեան
Էտհարեան Մկրտիչ, Բնիկ Աբրիկեցի, Տօքթ. Մելքոնեանի դասընկեր, միասնի աւարտած՝ Ֆրանսական համալսարանը։ Չորս տարի կը պաշտօնավարէ Դամաստոսի Ֆրանսական Հիւանդանոցը, ուրկէ կու գայ Պէյրութ եւ ապա կ՝ անցնի Տէօրթ Եօլ։ ա. Ընդհ. Պատերազմին կ՝ երթայ Պոլիս, ուր կը զինուորադրուի եւ կը ղրկուի Պաղեստին։ Հոն անգլիացիներուն գերի կ՝ իյնայ եւ իբր բժիղկ կը ծառայէ մինչեւ պատերազմի վերջաւորութիւնը։ Կը հաստատուի Եգիպտոս, ուրկէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի դիմումին վրայ կը փոխադրուի Տէօրթ Եօլ որպէս Բարեգործականի այդ քաղաքի որբանոցին բժշկապետ, Կիլիկիոյ պատերազմին դարձեալ կու գայ Պէյրութ եւ ի վերջոյ կ՝ անցնի Պաղեստին եւ կը հաստատուի Կազա, ուր անգլիական հուանդանոցին մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս բժիշկ[1]։
Մկրտիչ Էժտահարեան |
---|
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 322։