Մկրտիչ Քհնյ. Տէր Յովհաննէսեան

Մկրտիչ Քհնյ. Տէր Յովհաննէսեան (1868, Արամօ, Սլինֆայի շրջան, Ալ-Հաֆֆայի գավառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա - 26 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-26), Արամօ, Սլինֆայի շրջան, Ալ-Հաֆֆայի գավառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա), աւազանի անունով՝ Խորէն։

Մկրտիչ Քհնյ. Տէր Յովհաննէսեան
Ծնած է 1868
Ծննդավայր Արամօ, Սլինֆայի շրջան, Ալ-Հաֆֆայի գավառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա
Մահացած է 26 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-26)
Մահուան վայր Արամօ, Սլինֆայի շրջան, Ալ-Հաֆֆայի գավառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն քահանայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մկրտիչ Քհնյ. Տէր Յովհաննէսեան, նախակրթարանի ուսումը ստացած է Արամոյի ծխական վարժարանին մէջ։

Քառասուն տարեկանին որոշած է հոգեւորական ըլլալու մտադրութիւնը յայտնել Թեմիս առաջնորդին ու կրօնական ժողովին։

1908-ին, Խորէն ձեռնադրուած է քահանայ, ձեռամբ՝ Սահակ Կաթողիկոսին, վերակոչուելով Տէր Մկրտիչ։

Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, Առաջնորդին տնօրինութեամբ ու հայրենակիցներուն փափաքով Տէր Մկրտիչ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Արամոյի հայ գաղութին ու շրջակայ հայ ընտանիքներուն։

1921-ին, զինադադարէն անմիջապէս ետք, նշանակուած է հոգեւոր հովիւ Լաթաքիոյ հայ գաղութին, ուր քահանայագործած է ութ տարի՝ մինչեւ 1929։ Այնուհետեւ, վերադարձած է Արամօ ու ծառայած՝ իր հայրենակիցներուն մինչեւ 1936։

1936-ին, կրօնական առաքելութեամբ ինն ամիսներու համար դարձեալ Լաթաքիոյ մէջ պաշտօնավարած է։

Վախճան

Խմբագրել

Կեանքի տեսակաւոր դառնութիւնները ճաշակած ու իր ժողովուրդին դժբախտութիւններուն ականատես եղած, վախճանած է 26 Դեկտեմբեր, 1939-ին, Արամօ՝ իր գիւղին մէջ։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կատարուած են Արամոյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, 28 Դեկտեմբեր, 1939-ին, ձեռամբ՝ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Պագամճեանի[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 374։