Մշակութային Ժառանգութիւն
Մշակութային ժառանգութիւնը, Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի վիճակագրութեան հիմնարկին, կը ներառէ հնագոյն մշակոյթի մնացորդներ, յուշարձաններ, վայրերու եւ շինութիւններու ամբողջութիւններ (շէնքեր, քաղաքներ, ճարտարապետական մնացորդներ), ինչպէս նաեւ թանգարաններ, որոնք ունին խորհրդանշական, պատմական, գեղարուեստական, գեղագիտական, ցեղային-մարդաբանական, գիտական եւ ընկերային արժէքներ[1]:
Մշակութային ժառանգութիւնը կը ներառէ նաեւ շօշափելի (նիւթական) ժառանգութիւնը (շարժական, անշարժ եւ ստորջրեայ), եւ ոչ նիւթական ժառանգութիւնը (intangible cultural heritage, ICH)` մշակութային եւ բնական ժառանգութեան մնացորդներուն, վայրերուն կամ յուշարձաններուն ընդմէջէն: Սահմանումը կը բացառէ այն տեսակները, որոնք կապուած են փառատօններու, տօնակատարութիւններու կամ նման նախաձեռնութիւններու հետ: Կ'ընդգրկէ արդիւնաբերական ժառանգութիւնը եւ քարանձաւային նկարները:
Իրարմէ անքակտելի են մշակութային այս երկու տեսակի ժառանգութիւնները: Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան առանցքը կը կազմեն նաեւ ձայնագրութիւնները, բարբառը, ճաշը, ազգային տարազները, եկեղեցական ու տոհմիկ աւանդութիւնները, կատարողական արուեստը, պատմագրութիւնը, աւանդական արհեստները կամ նորօրեայ արհեստագիտական հմտութիւնները, որոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ[2]:
Հայկական Մշակութային ժառանգութեան Պահպանման Կազմակերպութիւններ Եւ Կեդրոններ
Խմբագրել1970-ական թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձաններու ուսումնասիրութեան եւ վկայագրման ձեռնարկած է ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեան (1941-2009)(1), որ 1982-ին Գերմանիոյ մէջ հիմնած է Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հասարակական կազմակերպութիւնը (ՀՃՈՒ. Research on Armenian architecture; RAA):
1996-ին Լոս Անճելըսի մէջ կը ստեղծուի կազմակերպութեան ամերիկեան մասնաճիւղը, իսկ հայաստանեան գրասենեակը 1988-89-էն պաշտօնապէս կ'արձանագրուի կազմակերպութեան անդամակցած Արմէն Հախնազարեանի գործակից` յուշարձանագէտ եւ պատմաբան Սամուէլ Կարապետեանի ջանքերով, իսկ 2010-ին Երեւանի մէջ անիկա կը վերափոխուի հիմնադրամի:
Մինչեւ 2020 հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնն էր Սամուէլ Կարապետեանը, որուն մահէն ետք գրասենեակը կը կառավարուի տնօրէն խորհուրդով:
Նորօրեայ Մշակութային Եղեռնը
Խմբագրել44-օրեայ պատերազմի պատճառով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հայկական յուշարձան եւ եկեղեցի կ'ենթարկուի բռնագրաւման, ուր ազրպէյճանցիները զէնքով կը մտնեն, ազան կ'երգեն, արհամարհական բաներ կ'ընեն ու կը սրբապղծեն:
Այս իրադարձութիւններուն զուգահեռ, Եւրոպական խորհրդարանը 9 Մարտին կ'ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին բանաձեւ մը, ուր խստօրէն կը դատապարտուի Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը` ջնջելու եւ ժխտելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը` զայն նկատելով հայատեացութեան ծաւալող քաղաքականութիւն. նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնուի համամարդկային նշանակութիւն ունեցող մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացման քաղաքականութեան ապագայ հետեւանքներուն մասին` զայն նկատելով կորուստ թէ՛ տուժած կողմին, թէ՛ ալ միջազգային հանրութեան:
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱրտաքին Յղումներ
Խմբագրել- Cultural heritage policy - history and resources
- UNESCO World Heritage Centre –
- International Council on Monuments and Sites
- International Council of Museums
- International Centre for the Study of the Preservation and Restoration of Cultural Property
- Cultural routes and landscapes, a common heritage of Europe
- EPOCH – European Research Network on Excellence in Processing Open Cultural Heritage
- Peace Palace Library - Research Guide Archived 2016-09-12 at the Wayback Machine.
- National Council for Preservation Education
- Dédalo