Մոնարք Թիթեռնիկը

Մոնարք Թիթեռնիկը, գիտական անունը՝ Տանաոս Փելեքսիփուս: Կը կշռէ նուազ քան 0,5 կրամ, իսկ բաց թեւերուն լայնքը 7-10 սմ է:

Մոնարք թիթեռնիկին գաղթը

Խմբագրել

Մոնարք թիթեռնիկը մեծ ճամբորդ մըն է: Անոր նոյնիսկ տրուած է մարաթոն մարզիկի տիտղոսը: Ամէն աշնան մոնարք թիթեռնիկները կը հաւաքուին եւ կը կազմեն հսկայական խումբեր` սկսելու իրենց երկար գաղթը:

Իրենց այս գաղթը կը սկսի Քանատայէն կամ Միացեալ Նահանգներէն: Անոնք կ'ուղղուին դէպի հարաւ, դէպի մեքսիքական Սիէրրա Նեւատա, որ ձմեռնային աւելի մեղմ կլիմայ մը ունեցող լեռնաշղթայ մըն է: Դէպի հարաւ այս ճամբորդութիւնը կը տեւէ մէկէն երկու ամիս եւ ունի 4000-5000 քմ հեռաւորութիւն: Մոնարք թիթեռնիկներուն այս գաղթը միջատներու աշխարհի ամէնէն երկար գաղթերէն մէկն է[1]:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Մեքսիքայի շոճիի անտառներուն մէջ 14 տարբեր գաղութներ միասին կը համախմբեն միլիոնաւոր մոնարք թիթեռնիկներ:

Չափահաս մոնարք թիթեռնիկները կ'ապրին 2- 6 շաբաթ` բացի գաղթող սերունդէն: Անոնք կ'ապրին մինչեւ 7 ամիս, ձմեռ եւ աշուն:

Այս թիթեռնիկները կորսուելու վտանգի մէջ կը գտնուին: Մեքսիքայի անտառները, ուր այս թիթեռնիկները կ'անցընեն իրենց ձմեռը, անհետանալու հոլովոյթին մէջ է: Ասոր կողքին, կլիմայական անկանոնութիւններն ալ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն այս գաղթերուն վրայ, մինչ այդ գաղթի ճամբուն վրայ գտնուող տեղական բոյսերու եւ տարբեր միջատներու տեսակներ կ'անհետանան նաեւ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել