Մովսէս Տինանեան

Մովսէս Տինանեան (1858, Ռոտոսթօ, Թուրքիա-1935, Կ. Պոլիս), հայ բժիշկ։

Մովսէս Տինանեան
Ծնած է 1858
Ծննդավայր Ռոտոսթօ, Թուրքիա,
Մահացած է 1935
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Կոչում Հաիւրապետ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1858 թուականին Թուրքիոյ եւրոպական մասի՝ Ռոտոսթօ քաղաքը։ Բժիշկ Բարսեղ Տինանեանի հայրն է։ Աւարտած է Կ. Պոլսոյ Գաղատիա թաղամասի Կեդրոնական վարժարանը եւ եղած անոր առաջին շրջանաւարտներէն մէկը։ 1881 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ Երկար տարիներ ազատ գործնական բժիշկ աշխատած է իր ծննդավայրին մէջ։ Եղած է վիրաբոյժ, ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ եւ մանկաբարձ։ Եղած է Ռոտոսթոյի քաղաքապետական բժիշկը։ Յետագային Կ. Պոլսոյ մէջ որպէս բժիշկ աշխատած է։

1915 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայած՝ հարիւրապետի / հրամանատարի աստիճանով։ 1915 թուականի Ապրիլ 11-13-ը ձերբակալուած է, բանտարկուած ու աքսորուած է Չանղըրը։ 1915 թուականի Օգոստոսին, հրաշքով, զինք ազատելու եւ Կ. Պոլիս վերադարձնելու հրաման ստացուած է։ Իր խնամքին ու բուժման տակ եղած՝ չէթէճի արապաճի Իսմայիլի աղջկայ բուժումը չէ շարունակած եւ ձգած է բժիշկ Ռուբէն Սեւակին, յոյս ունենալով, որ չէթէճին, ի նշան երախտագիտութեան, բարեացակամ վերաբերմունք կ՛ունենայ անոր նկատմամբ։

Մահացած է 1935 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ՝ 77 տարեկան հասակին։ Որդին՝ Բարսեղ Տինանեան (1887-1965) եւ թոռը՝ Ժիրայր Տինանեան եւս բժիշկ եղած են։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Շիկահեր Վարդ, Կիսադարեան պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան, 19231975, Սթանպուլ, 1975։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։

Աղբիւր Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։