Մրգային աղցան, ուտեստ, պատրաստուած տարբեր թարմ միրգերէ, որոնք կտրտուած են ոչ մեծ կտորներու։

Աւանդական բաղադրատոմսին մէջ կը մտնեն խնձոր, տանձ, նարինջ, պանան։ Յաճախ կ՛աւելցուին նաեւ խաղող՝ առանց կորիզներու, արքայախնձոր ու մանտարին։ Մրգային աղցանի մէջ կը մտնեն նաեւ սովորական կամ շագանակագոյն շաքարաւազ կամ կ՛աւելցնեն մեղր։ Համի համար կ՛աւելացնեն նաեւ չամիչ, աղացած նուշ, կամ անտառային ընկոյզ։ Մրգային աղցաններուն մէջ կ՛աւելացնեն նաեւ լեմոնի հիւթ՝ թարմութիւն հաղորդելու ու պտուղներուն արտաքին տեսքը պահպանելու համար։ Յատուկ համ կը հաղորդեն նաեւ ռոմի, քոնեակի կամ լիքիորի փոքր քանակները։ Աղցանը աւանդաբար չեն համեմեր ուրիշ բաներով, սակայն համի համար կարելի է աւելացնել մածուն կամ հարած սերուցք։

Մրգային աղցանը կը մատուցուի աղանդերի ձեւով։ Աղցանը խորհուրդ կը տրուի մատուցել պաղ վիճակի մէջ։

Աղցանի պահպանման ժամկէտը նոյնիսկ սառնարանին մէջ սահմանափակ է։

Մրգային աղցան

Աղբիւրներ

Խմբագրել