Յակոբ Այվազ

Պոլսահայ խնբագիր եւ հրատարակիչ։

Յակոբ Այվազ (2 Ապրիլ 1911(1911-04-02)[1] կամ 13 Մարտ 1911(1911-03-13), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 29 Սեպտեմբեր 2006(2006-09-29)[2], Պոլիս, Թուրքիա), պոլսահայ խմբագիր եւ հրատարակիչ[3]։

Յակոբ Այվազ
Ծնած է 2 Ապրիլ 1911(1911-04-02)[1] կամ 13 Մարտ 1911(1911-03-13)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 29 Սեպտեմբեր 2006(2006-09-29)[2] (95 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մայրենի լեզու թրքերէն
Մասնագիտութիւն հեղինակ, դերասան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հայրը կօշկակար Կարապետ Այվազեան եւ մայրը Հռիփսիմէ Մայիսօղլու։ Կորսնցուցած է իր հայրը ութը տարեկանին։ Երկրորդ հայրն է Գրիգոր Պիւքիւճեան ինչպէս առաջինը՝ նոյնպէս կօշկակար։

Իր առաջին դպրոցը կ՚ըլլայ Լեւոն Վարդուհեան վարժարանը։ Ուսման կը շարունակէ Բերա՝ Էսայեան վարժարան, ուր կ՚ունենայ ուսուցիչներ՝ Պարթեւեան, Փանոսեան, Սուլթանեան, Կուրտիկեան Էֆէնտի։ Միջնակարգը աւարտելէ վերջ կը սկսի, աշկերտութեան երկրորդ հօրը քով, Պէյազիտ՝ Չաթալ Խան, որ կ՚անուանուէր «Կօշկակարներու գոնսէրվաթուար»։

Առաջին անգամ 1929-ին գորիսթ կ՚ըլլայ «Տէյիրմենճինին Քըզը» անուն օփերեթին մէջ։ Ետքը բեմ կը բարցձրանայ Շարք Թատրոնի խումբով։ Կը միանայ Պօղոս Շաւարշ Գարագաշին խումբին։ 1935-ին կը սկսի թատրոնի վրայ յօդուածներ գրելու Ժամանակ օրաթերթի մէջ, «Տոմսակներ», «Ճպուր» եւ «Միմոս» ծածկանուններով։

1936-ին կը ծանօթանայ Անդրանիկ Պալաեանի դուստր՝ Արշալոյս Պալաեանի հետ։ 1937-ին կ՚ամուսնանան։ Կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Կարօ եւ Սիւզան։

1950-ին կը սկսի նաեւ բեմադրութեան։ Էսայան Սանոց Միութեան մէջ խումբ մը կը կազմէ «Փոքր Թատերախումբ» անունով եւ կը կատարեն թէ թրքերէն եւ թէ հայերէն ներկայացումներ։ Յակոբ Այվազի վերջին խաղը կ՚ըլլայ իր գրի արած «Սօն Փէրտէ»ն։

1946-ին Զարեհ Արշակին եւ Նազարէթ Տօնիկեանին տպարանին մէջ կը ծնի երգիծական պարբերութիւն մը՝ «Քուլիս»ը։ «Քուլիս»ը 1946էն մինչեւ 1996 ճիշդ յիսուն տարի կը հրատարակուի անխափան կուրծք տալով զանազան դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու։

1997-ին Թուրքիոյ Գրողներու Միութեան կողմէ կը պարգեւատրուի «Մամուլի Ծառայութեան» մետայլով։

Այվազ 2004ին թատրոնի մրցանակներու շարքին առած է շնորհակալագիր: Իսկ 2005ին ստացած է պատուագիր «Թատրոնի Քննադատներու Միութեան» կողմէ:

Յակոբ Այվազ կը մահանայ 29 Սեպտեմբեր 2006-ին, 95 տարեկանին: Իր գերեզմանը կը գտնուի Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատան մէջ։ Իր հանդէսները եւ արխիւը նուիրուած է Ակօս շաբաթաթերթին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «Հայազգ» հիմնադրամի հայկական հանրագիտարան, Армянская энциклопедия фонда «Хайазг» / под ред. С. Саядов — 2007.
  2. 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. «ՔՈՒԼԻՍ»Ի ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ 75-ԱՄԵԱԿ